«Ազդակ», բացի իր կայքէն, արդէն ծանօթ է, որ առկայ է ընկերային ցանցերու տարբեր հարթակներու վրայ` Դիմատետր, X, Ինսթակրամ եւ Թելեկրամ: Այս բոլորին կը հետեւի «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժինի աշխատակիցներու երիտասարդ խմբակ մը, որ յատուկ ծրագրաւորումներ եւ ձեւաչափեր կը պատրաստէ «Ազդակ»-ի նիւթերու ելեկտրոնային տարածքներու վրայ տարածման համար:
Անշուշտ այս բոլորը հասանելիութեան նոր աստիճաններ կը գրանցեն «Ազդակ»-ի նիւթերուն համար: Կան բնականաբար տարբերութիւններ. Դիմատետրի էջը առաւելաբար կը տարածէ գաղութային իրադարձութիւններու մասին լուրերը: Ինսթակրամը լուսանկարներու վրայ կեդրոնացումով ամփոփ լուրեր կը թողարկէ, մինչ X-ն ու Թելեկրամը հիմնականին մէջ արագ լրահոսը կը վերարտադրեն:
Արագ լրահոսի ծրագիրը հետեւողականութեամբ կը շարունակուի առաւօտեան կանուխ ժամերէն մինչեւ ուշ ժամերը. անոնք, որոնք այդ ծրագիրը չեն ներբեռնած, առիթ կ՛ունենան X-ի եւ Թելեկրամի ճամբով ստանալու արագ լրահոսը:
«Ազդակ»-ի եութիուպեան ալիքը յատուկ է «Ազդակ»-ի լսարաններու տեսագրութիւններուն: Ձեւով մը տեսադարան մը, ուր կը թարմացուին նիւթերը ամսական հերթականութեամբ, լսարանի կայացումէն անմիջապէս ետք: Մինչ, «Ազդակ»-ի կազմակերպած ձեռնարկները եւ յատկապէս շնորհահանդէսները ուղիղ սփռուեցան «Ազդակ»-ի դիմատետրի էջերէն:
Օրական հերթականութեամբ «Ազդակ»-ի նիւթեր կը ստանան նաեւ «Ազդակ»-ի «Ուաթց ափ»-ի կայանին հետեւորդները: Ի տարբերութիւն «Ազդակ»-ի արագ լրահոսին, այնտեղ արդէն ընդարձակ լրատուութիւն, խմբագրական եւ յօդուած կարդալու կարելիութիւն կայ:
Քննարկելի էր նաեւ «Թիք-թոք»-ի վրայ ներկայութիւն ունենալը. սակայն ելեկտրոնային բաժինի երիտասարդ խմբակը ներկայ պահուն նպատակայարմար չգտաւ այդ մէկը եւս ներառել ընդհանուր ցանցին: Չի բացառուիր, որ ամիսներ ետք «Ազդակ» ունենայ նաեւ իր այդ հարթակը:
Ինչ կը վերաբերի «Ռիլզ»-ին, ապա առայժմ անոր գործառոյթը փոխարինած է «Ազդակ»-ի առաջնային լուրերու վիտէօ տարբերակով մատուցումը ընկերային ցանցերու համապատասխան էջերով, շաբաթական հերթականութեամբ:
«Ազդակ»-ի կայքի արտադրութիւնն է, որ հիմնականին մէջ նիւթ կը հայթայթէ այս ամբողջ ցանցային համակարգին: Աւելի ճիշդը հիմնականին մէջ տպագիր տարբերակի բովանդակութիւնն է, որ կը շրջագայի նորանոր թիւեր գրանցելով հասանելիութեան: «Ազդակ»-ը, բոլոր ժամանակներէն աւելի հասանելի է այսօր ընթերցող զանգուածի մը բաւական լայն աշխարհագրութեամբ: Մօտէն հետեւողներ կը նկատեն, որ կայքային տարբերակը, օրուան ընթացքին կը թարմացուի: Այդ թարմացումը լրատուութիւնը արագ թողարկած ըլլալու հեւքին հետ կապ ունի: Արագ լրահոսը անշուշտ այդ առաջնային խնդիրը ունի, սակայն գերհակիրճ ըլլալու պարտադրանքը չ՛օգներ, որ լուրը իր ամբողջութեան մէջ թողարկուի: Կայքի օրուան ընթացքին թարմացումները որոշակիօրէն կը լրացնեն այդ բացը:
Այս չի նշանակեր, որ «Ազդակ» նպատակադրած է արագութեան մրցանիշներ գրանցել: Առաջինը հաղորդած ըլլալու մրցավազքին ներքաշուած են շատ մը լրատուամիջոցներ եւ այդ պատճառով հարուած կը հասցնեն յաճախ հաւաստիութեան:
Մեր բոլոր ցանցերուն բովանդակութիւնը «Ազդակ»-ի պաշտօնական լրատուութիւնն է. հետեւաբար` պատասխանատու: «Լայքահաւաք»-ն ու հետեւողներու թիւերու արագ բազմապատկումը չեն մեր առաջնահերթութիւնները: Այլ` հաւաստիութիւնը: