Իտալիոյ Գերբաժակ. Նափոլի Տիտղոսակիր – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Իտալիոյ գերբաժակի աւարտականին, Նափոլի 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Պոլոնիան եւ շահեցաւ տիտղոսը:

Մրցումը տեղի ունեցաւ «Սէուտ թագաւոր» համալսարանի մարզադաշտին վրայ (Ռիատ)` 15 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան:

Պրազիլցի յառաջապահ Տաւիտ Ներեշ նշանակեց մրցումին երկու կոլերը: 2014-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով Նափոլի կրցաւ շահիլ գերբաժակը, որ պատմութեան իր 3-րդն էր:

Իտալիոյ գերբաժակի մրցանիշը կը պատկանի Եուվենթուսին, որ 9 անգամ կրցած է շահիլ զայն:

Պոլոնիայի համար այս աւարտականը իր առաջինն էր պատմութեան ընթացքին:

 

 

 

Leave a Comment