Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Փասքալ Քոնֆավրէօ «Էմ.Թի.Վի.»-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Կը կարծեմ շատ դրական ընթացք մը ծնունդ առաւ Փարիզի եռակողմ ժողովէն, որուն մասնակցեցան ամերիկացի, սէուտցի եւ ֆրանսացի գործընկերներ` ներկայութեամբ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ռուտոլֆ Հայքալի, որ անդրադարձաւ լիբանանեան զինեալ ուժերուն վերջին շաբաթներուն ու ամիսներուն ընթացքին արձանագրած յառաջընթացին, ինչպէս նաեւ բանակի ապագայ կարիքներուն»:
«Մեր հաւաքական նպատակը 5 սեպտեմբերի, զէնքի մենաշնորհման եւ հարաւային Լիբանանի վրայ զինեալ ուժերու գերիշխանութեան տարածման որոշումի իրագործումն է», ըսաւ ան:
Անդրադառնալով յառաջիկայ այն առաջնահերթութիւններուն, որոնց եռակողմ յանձնախումբը պիտի հետեւի, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը յայտնեց. «Պէտք է յառաջիկայ փետրուար ամսուն լիբանանեան բանակին աջակցութեան խորհրդաժողով կազմակերպել, որովհետեւ նոր հորիզոններ կը ստեղծէ, ինչպէս նաեւ համաձայնութիւն գոյացուցինք մանրամասն կերպով հետեւելու լիբանանեան զինեալ ուժերու զէնքի մենաշնորհման հարցով կատարածին եւ արձանագրուած յառաջընթացին»: