Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան, անդրադառնալով Մայեմիի մէջ Կազայի խաղաղութեան ծրագիրին շուրջ իր բանակցութիւններուն, նշեց. «Տեղի ունեցած քննարկումները եւ գոյացած փոխհասկացողութիւնները յուսադրիչ են»:
«Նկատի ունենալով, որ առաջին փուլը իրողապէս ամբողջացաւ, այժմ սկսաւ երկրորդ փուլին անցնելու արժեչափերուն շուրջ խօսակցութիւնը», ըսաւ ան:
«Կազայի վերաշինութեան վերաբերեալ նախնական ուսումնասիրութիւն գոյութիւն ունի, անիկա ներկայացուեցաւ եւ այդ հիմամբ սկզբնական քննարկում մը կատարեցինք», յայտնեց Ֆիտան:
«Կազան պէտք է կառավարուի իր բնակիչներուն կողմէ, եւ պէտք չէ անոր հողերը որեւէ ձեւով մասնատել: Կազայի մէջ կատարուելիք որեւէ բան պէտք է անոր բնակիչներուն համար ըլլայ», նշեց թրքական դիւանագիտութեան պետը:
«Քննարկեցինք, թէ ինչպէ՛ս կրնանք Կազայի ղեկավարումը մասնագէտներէ կազմուած յանձնախումբի մը փոխանցելու ժամանակացոյց մը մշակել: Նաեւ գոյութիւն ունի խաղաղութեան խորհուրդ մը, որուն շուրջ աշխատանքները կը շարունակուին: Ատոր զուգահեռ կը քննարկուի զայն կեանքի կոչելու ձեւը», ըսաւ ան:
Անդրադառնալով Կազայի մէջ կայունութեան միջազգային ուժին` Ֆիտան նշեց. «Մեզի առիթ ընծայուեցաւ մեր տեսանկիւնէն բացատրելու եւ քննարկելու, ինչպէս նաեւ այլ տեսակէտները լսեցինք»:
«Այս ժողովը Շարմ Շէյխի ժողովէն ի վեր մինչեւ հիմա բարձր մակարդակի վրայ կարեւորագոյն ժողովն էր», յայտնեց ան: