Արաղչի. «Մենք Պատրաստ Ենք Բանակցութիւններու Միջոցով Արդար Համաձայնութեան Հասնելուն, Սակայն Թելադրանքներ Պիտի Չընդունինք»

Մենք պատրաստ ենք բանակցութիւններու ճամբով ձեռք բերուած արդար եւ հաւասարակշռուած համաձայնագիրի, սակայն պատրաստ չենք թելադրանքներ ընդունելու: Եթէ ոեւէ մէկը մեզի մօտենայ փոխադարձ շահի վրայ հիմնուած լուծման գաղափարով, մենք զայն պիտի քննարկենք: ԻՐՆԱ կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչին:

Արաղչի նշած է, որ 2025 թուականի փորձառութիւնը լեցուն էր հիասթափութիւններով: Անոր համաձայն, Իրանի ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ծիրին մէջ պատժամիջոցներու վերականգնման մեքանիզմի վերաբերեալ փոխզիջում գտնելու համար փորձերը մերժուած են Արեւմուտքին կողմէ:

«Մենք լաւ գաղափարներ ներկայացուցինք, սակայն անոնք բոլորը մերժուեցան: Մենք եկած ենք այն եզրակացութեան, որ բաւական է», աւելցուցած է արտաքին գործոց նախարարը:

Մեկնաբանելով երկրի հիւլէական ենթակառոյցներուն դէմ սպառնալիքներն ու յարձակումները` Արաղչի ընդունած է հասցուած վնասը, սակայն պնդած, որ անկարելի է ոչնչացնել երկրի մտաւոր ներուժը:

Ան նշած է, որ Իրան մտադիր չէ հրաժարիլ իւրանիոմի հարստացման իր իրաւունքէն, որ մշակուած է գիտնականներու ջանքերուն շնորհիւ:

Յիշեցնենք, որ Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիան օրեր առաջ յայտարարեց. «Ամերիկան բանակցելու համար նուաստացուցիչ պայմաններ կը ներկայացնէ, եւ ես պատրաստ չեմ զանոնք ընդունելու: Նուաստացումը պիտի չընդունինք, եւ տկար ու բզկտուած Իրան մը պիտի չընդունինք»:

 

Leave a Comment