Միացեալ Նահանգներու Ազգային հետախուզութեան տնօրէն Թուլսի Կապարտ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու հետախուզութեան գնահատումները ցոյց կու տան, թէ Ռուսիան Ուքրանիան գրաւելու զինուորական ուժը չունի, ուր մնաց` Եւրոպա ներխուժելու: «Արապիա» կը նշէ, թէ ան այդպիսով հերքեց Եւրոպայի մէջ մագլցողական քաղաքականութիւններու ջատագովման համար օգտագործուող պնդումները:
Ան աւելցուց, որ ամերիկեան հետախուզական հասարակութիւնը համաձայն չէ այն պնդումներուն, որոնց համաձայն Մոսկուան կը ձգտի Եւրոպա ներխուժել:
Կապարտ շեշտեց, որ այդպիսի պնդումները կը հակասեն գոյութիւն ունեցող հետախուզական տուեալներուն: