Ըստ Ամերիկացի Պաշտօնատարի Մը. Լիբանանի Մէջ Դրական Ցուցանիշներ Կան, Բանակը Կը Զօրանայ, Եւ Նախագահ Աունը Դրական Տրամադրուած Է

Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը կը գրէ. «Այս ամսուան վերջը կ´աւարտի վերջնական ժամկէտը, որ ամերիկացիները Լիբանանին ճշդեցին Հըզպալլան զինաթափելու համար։ Եթէ լիբանանեան բանակը ձախողի իր առաքելութիւնը կատարել, պատերազմի վերսկսման հաւանականութիւնը պիտի բարձրանայ»։

Ամերիկացի պաշտօնատար մը օրաթերթին ըսած է. «Լիբանանի մէջ դրական ցուցանիշեր գոյութիւն ունին։ Բանակը կը հզօրանայ եւ կը բարելաւուի, եւ Լիբանանի նախագահ Ժոզեֆ Աունը դրական տրամադրուած է»։

«Կը յուսանք, որ կը մօտենանք այն փուլին, ուր Հըզպալլան այլեւս Լիբանանին ու Իսրայէլին վտանգ չի ներկայացներ, սակայն այդ հոլովոյթը ժամանակի պիտի կարօտի», աւելցուցած է պաշտօնատարը։

Leave a Comment