Ապտելաթի. «Իսրայէլի, Իրանի Եւ Միացեալ Նահանգներու Հետ Աշխուժ Հաղորդակցութիւններ Ունեցայ Լիբանանը Զինուորական Որեւէ Գործողութեան Տառապանքէն Զերծ Պահելու Համար»

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Պատր Ապտելաթի «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեց. «Բոլոր մակարդակներուն վրայ Լիբանանի հարցին առնչակից միջազգային ու շրջանային բոլոր կողմերուն մօտ աշխուժ ջանքեր կը թափենք։ Իսրայէլի, Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու հետ աշխուժ հաղորդակցութիւններ ունեցայ Լիբանանը զերծ պահելու ժողովուրդի ներուժին վնաս հասցնող որեւէ միջամտութեան կամ զինուորական գործողութեան տառապանքէն»։

«Կը գնահատենք լիբանանեան բանակին որդեգրած բոլոր քայլերը եւ բոլոր ձեռքբերումները, որոնք իրագործուեցան Լիթանիէն հարաւ գտնուող շրջանին մէջ, ինչ կը վերաբերի պետութեան գերիշխանութեան եւ վերահսկողութեան հաստատման, ինչպէս նաեւ կը գնահատենք լիբանանեան կառավարութեան՝ անցեալ տարի ստորագրուած թշնամական արարքներու դադրեցման համաձայնութեան ու Լիբանանի բոլոր շրջաններուն մէջ, եւ ոչ միայն Լիթանիէն հարաւ գտնուող շրջանին մէջ գործադրութեան նկատմամբ յանձնառութեան վերահաստատումը։ Եգիպտոս ջանք չի խնայեր Լիբանանին, անոր ժողովուրդին ու ղեկավարութեան աջակցելու համար»։

Leave a Comment