Փոխվարչապետ Թարեք Մըթրի երէկ այցելեց Պաապտայի պալատ, ուր հանդիպում ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ։Մըթրի հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Հանրապետութեան նախագահին հրաւէրով, Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ բանտարկեալներու եւ կալանաւորուածներու թղթածրարին շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելու ծիրին մէջ գումարուեցաւ ժողով մը, որուն ներկայ գտնուեցան արդարադատութեան նախարարը ու շարք մը դատաւորներ։
«Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն շեշտեց սուրիական կողմին հետ փոխհասկացողութեան գոյացման եւ համաձայնութեան կարելի իրաւական լաւագոյն տարազի ուսումնասիրման անհրաժեշտութիւնը։ Լիբանանեան դիրքորոշումը հաստատեց Սուրիոյ հետ լաւագոյն յարաբերութիւնները հաստատելու եւ տարբեր ոլորտներու մէջ գործակցութիւնը ամրապնդելու մեծ փափաքի գոյութիւնը»։