Ըստ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանատան. «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբի Ժողովը Կեդրոնացած Է Զինուորական Գործակցութեան Ամրապնդման Եւ Վերաշինութեան Ջանքերու Յառաջ Մղման Վրայ

Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը յայտարարեց, թէ Լիբանանի վերաբերող զինուորական թեքնիք յանձնախումբի՝ «Մեքանիզմ»-ի անդամները Նաքուրայի մէջ գումարած են 15-րդ ժողովը՝ շարունակելու համար համակարգուած ջանքերը՝ նպաստելու համար կայունութեան եւ թշնամական արարքներու տեւական դադրեցման։

«Ժողովի մասնակիցներուն մօտ միաձայնութիւն գոյութիւն ունէր, թէ լիբանանեան բանակի՝ Լիթանիի հարաւի շրջանի անվտանգութեան երաշխաւորի կարողութիւններու ամրապնդումը յաջողութեան համար հիմնական է», նշեց դեսպանատունը։

Ատոր զուգահեռ, ժողովի քաղաքային մասնակիցները կեդրոնացած են բնակիչներուն իրենց տուներ անվտանգ վերադարձի պայմաններու պատրաստման, վերաշինութեան ջանքերու յառաջ մղման եւ տնտեսական առաջնահերթութիւններու լուծման վրայ։ Անոնք նաեւ ընդգծած են, որ քաղաքական ու տնտեսական տեւական յառաջընթացը անհրաժեշտ է ապահովական ձեռքբերումներու եւ տեւական խաղաղութեան ամրապնդման համար։

Ըստ դեսպանատան, ժողովին մասնակիցները շեշտած են, թէ ապահովական ու քաղաքական ոլորտներուն մէջ յառաջընթացը կը շարունակէ զիրար ամբողջացնել, եւ անհրաժեշտ կը նկատուի երկու կողմերուն համար երկարատեւ կայունութեան եւ բարգաւաճման երաշխաւորման վրայ, եւ իրենք անհամբեր կը սպասեն 2026 թուականին որոշուած յառաջիկայ ժողովներուն։

Նշենք, որ աղբիւրներ հինգշաբթի գիշեր ամերիկեան «Աքսիոս» կայքին յայտնած էին, թէ Իսրայէլ «Լիբանանի հետ ուղղակի բանակցութիւններուն» իր մասնակցութեան մակարդակը պիտի բարձրացնէ՝ աւելցնելով, որ Իսրայէլի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի փոխնախագահ Եոսի Տրազինին պիտի մասնակցի ուրբաթ օրուան Նաքուրայի ժողովին։

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 15-րդ կայանը իր կարգին աւելցուցած էր, որ իսրայէլեան Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի փոխնախագահը Նաքուրայի մէջ հանդիպում պիտի ունենայ լիբանանցի պատուիրակի մը եւ ամերիկացի երկու պատուիրակներու հետ։

Նշենք, որ դեսպան Սիմոն Քարամ Պաապտայի պալատ այցելելով նախագահ Ժոզեֆ Աունին փոխանցեց «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբի ժողովին արդիւնքները։

Leave a Comment