Մատպուլի-Սալամ Ընդլայնուած Լիբանան-Եգիպտոս Բանակցութիւններ – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Երէկ վարչապետարանին մէջ տեղի ունեցաւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի եւ Եգիպտոսի վարչապետ Մուսթաֆա Մատպուլիի միջեւ ժողով մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններն ու երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութեան ամրապնդման կարելիութիւնները։

Երկկողմանի հանդիպումէն ետք տեղի ունեցան լիբանանեան եւ եգիպտական պատուիրակութիւններուն միջեւ ընդլայնուած բանակցութիւններ, որոնց լիբանանեան կողմէն մասնակցեցան արտաքին գործոց նախարար Եուսեֆ Ռաժժի, ելեւմուտքի նախարար Եասին Ժապեր, ճարտարարուեստի նախարար Իսա Խուրի, ուժանիւթի եւ ջրային հարստութիւններու նախարար Ժոզեֆ Սատի, տնտեսութեան ու առեւտուրի նախարար Ամեր Պսաթ եւ հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրամիջոցներու նախարար Ֆայեզ Ռասամնի։

Եգիպտական կողմէն բանակցութիւններուն մասնակցեցան փոխվարչապետ, ճարտարարուեստի զարգացման, ճարտարարուեստի եւ փոխադրամիջոցներու նախարար Քամել Ապտել Հատի Ֆարաժ Ալուազիր, ելեկտրականութեան եւ վերանորոգուող ուժանիւթի նախարար Մահմուտ Իսմաթ, քարիւղի եւ մետաղային հարստութեան նախարար Քարիմ Պատաուի եւ Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Ալա Մուսա։

Մատպուլի Սալամի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին դրուատեց նախագահ Ժոզեֆ Աունի եւ վարչապետ Սալամի ջանքերը, ինչպէս նաեւ «լիբանանեան բանակին թափած ջանքերը»։

Մատպուլի վերահաստատեց «Լիբանանին աջակցելու Եգիպտոսի հաստատ դիրքորոշումը»՝ նշելով. «Եգիպտոս Լիբանանը կը նկատէ արաբական արեւելքի մէջ կայունութեան հիմնաքարը, կը մերժէ Իսրայէլի իրերայաջորդ ոտնձգութիւններն ու բռնագրաւումը եւ կը շեշտէ անոր հեռացման ու Ապահովութեան խորհուրդի որոշումը յարգելու անհրաժեշտութիւնը»։

Լիբանանի վարչապետը իր կարգին յայտնեց. «Լիբանանի եւ Եգիպտոսի միջեւ յարաբերութիւնը փոխադարձ շահերէն աւելի է, անիկա հասարակաց պատմութիւն մըն է»։

«Քննարկեցինք կենսական շարք մը թղթածրարներու մէջ գործակցութեան առաջնահերթութիւնները եւ շեշտեցինք երկու երկիրներուն միջեւ գոյացած համաձայնութիւններու կիրարկման հետապնդման անհրաժեշտութիւնը», նշեց Սալամ։

Եգիպտոսի վարչապետը նաեւ այցելեց հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի։

Leave a Comment