Նշմար. Ֆութպոլը Աղքատներուն Մարզախաղն Էր…

ԿԱՐՕ Կ.

Երբ փոքր էի, կը լսէի, թէ ֆութպոլը աղքատներուն մարզախաղն էր։ Տղոց որեւէ խումբ կրնար գնդակ կամ նոյնիսկ «գունտ» մը շինել թերթերէ կամ նոյնիսկ փլասթիք շիշեր օգտագործել՝ ֆութպոլ խաղալու… Ապագային ալ անոնք մեծ ֆութպոլիստներ կրնային ըլլալ։ Այդ օրերուն (1970-ականներուն) Պրազիլը ունէր աստղեր, մինչ այլ խումբեր ունէին մէկ կամ երկու աստղ։ Պրազիլի նման աղքատ երկիրներ ալ իրաւունք ունէին իրենց տուներէն դիտել Մոնտիալը։ Ելեկտրականութեան հարցերու պատճառով կը  ստիպուէինք պատկերասփիւռները ինքնաշարժներու բարդերուն միացնելով դիտել՝ աւելի բարձր գիւղեր բարձրանալով։

Տարիները անցան, դրամը մեծապէս իշխեց ամէն ինչի վրայ եւ պարտադրեց հարուստ ըլլալ դիտելու ամէնէն պարզ բանը… աղքատներու մարզախաղը։

Քանի մը օր առաջ գանգատներ բարձրացան, որովհետեւ յառաջիկայ տարուան Մոնտիալը դիտելու համար (դաշտէն) համակիրներ շատ սուղ տոմսեր պէտք էր գնէին։

2026-ի Մոնտիալի աթոռները բաժնուած են 4 կարգերու, եւ ամէնէն յարմար աթոռները 200 տոլարէն կը սկսին։ ՖԻՖԱ-ն ծիծաղելի ձեւով իբրեւ թէ լուծում գտաւ բոլոր մասնակից երկիրներու՝ 400 տոմս տրամադրելով իւրաքանչիւրը 60 տոլարի։ Իրապէս ծիծաղելի է, որ 80 հազար հանդիսատես ընդունող դաշտին մէկ անկիւնը 400 համակիրներ 60 տոլարի դիմաց առիթ պիտի ունենան դիտելու իրենց նախասիրած խումբին մրցումը, մինչ նոյն դաշտին վրայ այլ աթոռներ պիտի արժեն մինչեւ 1.500 տոլար։ Արդեօք որքանո՞վ ափրիկեան, ասիական կամ հարաւամերիկեան խումբերու համակիրներ պիտի կրնան վճարել այդքան գումար։ Կամ մենք իբրեւ համակիրներ պիտի կարենա՞նք դիտել մեր տուներէն, թէ՞ պիտի ստիպուինք սրճարան մը գտնել կամ ճաշարան մը… պարզապէս դիտելու համար Մոնտիալի «հարուստներու խաղը»։

 

Leave a Comment