Ժեմայել. «Հըզպալլայի Զինեալ Դերակատարութիւնը Վերջ Պիտի Գտնէ»

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Սամի Ժեմայէլ «Էլ.Պի.Սի.»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Կþուզենք, որ Լիբանանը անցնի նոր փուլի, ուր կը վերատիրանայ իր որոշումին եւ կը վերականգնէ իր բոլոր հողերուն վրայ իր վերահսկողութիւնը»։

Ան ցաւ յայտնեց, որ «Հըզպալլան չընդառաջեց շիի համայնքին եւ անզէն Հըզպալլայի հետ անկեղծացումէն եւ հաշտեցումէն ետք նոր էջ բանալու մեր կոչերուն, սակայն խնդիրը այն է, թէ Հըզպալլայի որոշումը իր ձեռքը չէ, այլ՝ Իրանի»։

Ան նշեց, որ Լիբանանի մէջ ներկայ է Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը, ներկայ են նաեւ իրանցի սպաներ, որոնք ուղղակի կերպով Հըզպալլան կը ղեկավարեն։

«Խնդիրը այն է, որ կուսակցութիւնը իր զէնքին կը կառչի իրանեան հրամանով եւ պատրաստ չէ լիբանանեան խաղը խաղալու, այլ դարձաւ խաղաքարտ մը Իրանի ձեռքին՝ անոր շրջանային բանակցութիւններուն մէջ։ Մեր գրաւը պետութեան իր աշխատանքը տանելուն վրայ է», ըսաւ երեսփոխանը։

«Մեր յոյսն է, որ պետութիւնը պէտք եղածը կատարէ, եւ Աունն ու Սալամը իրենց խօսքը կը յարգեն ու զէնքի հաւաքման մէջ յառաջ կþընթանան։ Կը սպասենք այն, ինչ որ բանակը Նոր տարիէն վերջ Լիթանիէն հիւսիս պիտի ընէ», աւելցուց ան։

«Կուսակցութիւնը պէտք է գիտակցի, թէ իր զինեալ դերը պիտի աւարտի, եւ ընտրէ կա՛մ զէնքը իր կամքով ամբողջովին յանձնել, կա՛մ իր դիրքորոշման վրայ պնդելով երկիրը նոր պատերազմի ենթարկել, ուստի եւ զէնքի քանդման յանգեցնէ», ըսաւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավարը։

«Ոչ ոք կþուզէ երկիրը ներքին բախումի առաջնորդել, որովհետեւ որոշումը քաղաքական է, եւ պետութիւնը որոշեց փուլ առ փուլ յառաջ ընթանալ։ Մեծ քննութիւնը տարեսկիզբին Լիթանիէն հիւսիսի մէջ պիտի ըլլայ», նշեց Ժեմայել։

«Քաղաքացիական պատերազմ չկայ։ Պիտի փորձենք խուսափիլ որեւէ ներքին բախումէ։ Մեր բառարանին մէջ զէնքի օգտագործման զսպում չկայ, որովհետեւ օգտագործման զսպումը խնդիրի յետաձգում է, իսկ մենք կը մերժենք օգտագործումի զսպման որեւէ գործողութիւն եւ զինաթափում եւ մենաշնորհում կþուզենք կամ վարչական կերպով զէնքի յանձնումով կամ խլուելով բանակին կողմէ, որ Լիթանիէն հարաւ իր աշխատանքը կը կատարէ», ըսաւ ան։

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավարը բացառեց «Քահէն Լիբանանի վրայ յարձակում գործելու սուրիական որեւէ մտադրութեան գոյութիւնը»։

«Սուրիական վարչակարգին հետ լաւագոյն յարաբերութիւնները կþուզենք, սակայն օրէնքին կը հաւատանք», ըսաւ ան՝ անդրադառնալով սուրիացի բանտարկեալներու եւ կալանաւորուածներու խնդիրին։

«Որդեգրենք որոշում մը, թէ զէնքի գոյութեան պայմաններուն մէջ ընտրութիւններ չկան, եւ եթէ բոլորը պատրաստ են այս առաջարկը որդեգրելու, ապա ես պատրաստ եմ այս սկզբունքային դիրքորոշման», յայտնեց Ժեմայել։

Ան մերժեց որեւէ ընտրական նշան տալ եւ բաւարարուեցաւ նշելով. «Կապ կը հաստատենք բոլոր անոնց հետ, որոնք մեզի նման են, եւ զէնքի, գերիշխանութեան եւ Լիբանանի ապագային նկատմամբ մեր դիրքորոշումները կը բաժնեն, սակայն մինչեւ այս պահս որեւէ ընտրաշրջանի մէջ վերջնական համաձայնութիւն չկայ»։

Leave a Comment