Ապու Զէյնապ. «Հըզպալլան Որեւէ Արաբական, Մասնաւորաբար Եգիպտոսի Կողմէ Առաջարկի Հետ Է»

Հըզպալլայի քաղաքական խորհուրդի անդամ Ղալեպ Ապու Զէյնապ նշեց. «Լիբանանեան բանակը Լիթանի գետէն հարաւ գտնուող շրջանին մէջ զինաթափման ծրագիրը ամբողջովին աւարտեց»։ Ան այս մասին յայտնեց «Ռաշա Թուտէյ» պատկերասփիւռի կայանին։

«Լիբանանը իրմէ պահանջուածը կատարեց, մինչ իսրայէլացի թշնամին տակաւին կը տնտնայ, ամերիկեան աջակցութեամբ կը փորձէ ժամանակ վատնել եւ պահանջուած որեւէ հեռացում չկատարեց», նշեց ան։

«Լիթանի գետի հիւսիսին մէջ զէնքի հարցը լիբանանեան ներքին հարց է, եւ Իսրայէլ ատոր հետ կապ չունի», աւելցուց Ապու Զէյնապ։

«Ուաշինկթընի եւ Թել Աւիւի պահանջած զինաթափումը Լիբանանի մէջ բոլորին ուզած զէնքի մենաշնորհումէն տարբեր է», նշեց Հըզպալլայի բարձրաստիճան պաշտօնատարը։

«Շրջանին մէջ իսրայէլեան ծրագիրը միայն Լիբանանի մէջ զէնքի հարցով չէ սահմանափակուած», ըսաւ ան։

«Լիբանանի դէմ պատերազմը անխուսափելի ընտրանք մը չէ, ինչպէս նաեւ անոր արդիւնքները Իսրայէլի համար երաշխաւորուած չեն», նշեց Ապու Զէյնապ։

Leave a Comment