Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիան յայտարարեց. «Ամերիկան բանակցելու համար նուաստացուցիչ պայմաններ կը ներկայացնէ, եւ ես պատրաստ չեմ զանոնք ընդունելու։ Նուաստացումը պիտի չընդունինք, եւ տկար ու բզկտուած Իրան մը պիտի չընդունինք»։ Այս մասին հաղորդեց ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը։
Փեզեշքիան Թեհրանի մէջ ականաւոր անձնաւորութիւններու եւ քաղաքական վերնախաւի հետ ժողովի ընթացքին նշեց. «Միացեալ Նահանգներու հետ բանակցեցանք, եւ պատրաստ էինք համաձայնութեան հասնելու, սակայն համաձայնութիւնը պատերազմով ձախողեցուցին»։
«Իրան բախումի չի ձգտիր, եւ շարունակ յայտարարեցինք, թէ (հիւլէական) ռումբի արտադրման չենք ձգտիր», շեշտեց ան։
«Մենք ոեւէ մէկու հետ հակամարտութեան չենք ձգտիր, սակայն ամերիկեան թելադրանքներուն ենթարկուիլ պիտի չընդունինք», նշեց Իրանի նախագահը։
«Հակառակորդ կողմը կը ձգտի Իրանի ուժի բոլոր տարրերը խլելու եւ սիոնական գոյացութեան հետ դիմակայման մէջ երկիրը տկարացնելու», աւելցուց Փեզեշքիան։