Մատուրօ. «Այն, Ինչ Որ Միացեալ Նահանգներ Կը Ներկայացնեն, Պատերազմական Ու Գաղութատիրական Պահանջներ Են, Եւ Կը Փորձեն Վարչակարգը Փոխել»

Վենեզուելայի նախագահ Նիքոլաս Մատուրօ նշեց. «Կայսերապաշտութիւնը Վենեզուելայի եւ Քոլոմպիոյ նկատմամբ «բաժնէ, որ տիրես»-ի գործելաոճը կþօգտագործէ՝ երկու երկիրներու ժողովուրդներուն գերիշխանութիւնը ոտնահարելու համար»։

«Վենեզուելան գերիշխանութեան, անկախութեան, խաղաղութեան ու կեանքի իրաւունքի յարգման ճամբով ազգային միասնականութեան բարձրագոյն մակարդակ արձանագրեց», ըսաւ ան։

«Միացեալ Նահանգներ կþուզեն պարտադրել կառավարութիւն մը, որ իրենց ձեռքերուն մէջ խաղալիք պիտի ըլլայ, եւ աւելի քան 48 ժամ պիտի չգոյատեւէ», նշեց Վենեզուելայի նախագահը՝ շեշտելով. «Վենեզուելան երբեք գաղութատիրութեան պիտի չենթարկուի, եւ պիտի շարունակենք աշխարհին հետ մեր բոլոր արտադրութիւններու առեւտուրը»։

Ան Քոլոմպիոյ ժողովուրդին միասնականութեան կոչ ուղղեց՝ խուսափելու համար «հիւսիսի մէջ գաղութատիրական կառավարութիւններու կողմէ մեր երկու ժողովուրդներու միջազգային օրէնքի խախտումը»։

«Մեր քարիւղի, մետաղներու եւ բոլոր հողերուն նկատմամբ մեր իրաւունքի երաշխաւորման համար մեր ժողովուրդի եւ բանակի ամբողջական միասնականութեան նկատմամբ կասկած չունիմ», ըսաւ ան։

«Այն, ինչ որ Միացեալ Նահանգներ կþառաջարկեն, պատերազմական ու գաղութատիրական պահանջներ են, եւ կը ձգտին վարչակարգը փոխել», յայտնեց Մատուրօ։

Շումըր. «Թրամփ Առանց Քոնկրեսին Կողմէ
Լիազօրուելու Քարայիպեան Շրջանին Մէջ
Ուժի Կիրարկման Իրաւասութիւն Չունի»

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին մէջ դեմոկրատական փոքրամասնութեան ղեկավար Չաք Շումըր շեշտեց. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ առանց Քոնկրեսին կողմէ լիազօրուելու Քարայիպեան շրջանին մէջ ուժի կիրարկման իրաւասութիւն չունի»։

«Եթէ Թրամփ Քարայիպեան շրջանին մէջ առանց լիազօրութեան ուժ կիրարկէ, զայն արգիլող որոշում մը պիտի որդեգրենք», ըսաւ ան։

Ծերակոյտի մէջ դեմոկրատական փոքրամասնութեան ղեկավարը նաեւ նշեց. «Ամերիկացիները յաւելեալ անվերջ պատերազմներ չեն ուզեր»։

Ներկայացուցիչներու Տունը Մերժեց
Վենեզուելայի Մէջ Զինուորական
Գործողութիւններու Դէմ 2 Բանաձեւերը

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան անդամներուն մեծամասնութիւնը դէմ քուէարկած է Վենեզուելայի դէմ մարտական գործողութիւններուն մէջ առանց Քոնկրեսի լիազօրութեան ամերիկեան զինեալ ուժերու օգտագործումը արգիլող երկու բանաձեւերու։

Դեմոկրատական Ճիմ ՄքՔկավըռնի կողմէ ներկայացուած բանաձեւին թեր քուէարկած է 211 քոնկրեսական, իսկ դէմ՝ 213 օրէնսդիր։ Նախքան այդ, 216 դէմ եւ 210 դեր քուէներով Ներկայացուցիչներու տունը մերժեց նաեւ դեմոկրատական Կրեկորի Միքսի կողմէ ներկայացուած նոյնանման բանաձեւին։

Փաստաթուղթի բնագիրին համաձայն, Միացեալ Նահանգներու նախագահը պէտք է կանխարգիլէ զինեալ ուժերու Վենեզուելայի մէջ կամ անոր դէմ մարտական գործողութիւններուն մէջ ամերիկեան զինեալ ուժերու առանց Քոնկրեսի համապատասխան արտօնութեան օգտագործումը։

Փաստաթուղթը ներկայացուած է իբրեւ այսպէս կոչուած համաձայնեցուած բանաձեւ։ Նման աքթերը կþընդունուին անջատաբար Քոնկրեսի իւրաքանչիւր պալատի մէջ, չունին իրաւական ուժ եւ խորհրդատուական բնոյթ ունին։ Այսպիսով, օրէնսդիրները կþարտայայտեն տուեալ հարցին վերաբերեալ իրենց դիրքորոշումը, եւ գործադիր իշխանութիւնը իրաւունք ունի անտեսելու նման փաստաթուղթերը։

Leave a Comment