Ամերիկացի հանրապետական ծերակուտական Լինտսի Կրահամ մեկնաբանելով Դամասկոսի մէջ սուրիական նոր բանակին, Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհի ներկայութեամբ տողանցքի տեսերիզի մէկ հատուածը, նշեց, որ անիկա սուրիական ապահովական ուժերու բնոյթին նկատմամբ լուրջ մտավախութիւններ կը ստեղծէ։
Կրահամ տեսերիզը նեղացուցիչ եւ իր իսկական վտանգաւորութիւնը չարտացոլացնող որակեց։
Ազդեցիկ ծերակուտականը շեշտեց, թէ Սուրիոյ մէջ նոր կառավարութեան աջակցութիւնը պէտք է զգուշաւոր կերպով եւ բաց աչքերով կատարուի՝ նկատի ունենալով սուրիական ապահովական ուժերու ծայրայեղականութեան վերաբերեալ հետզհետէ բազմացող ապացոյցները։
Տեսերիզին մէջ կþերեւին սուրիական նոր բանակի անդամներ, որոնք Դամասկոսի փողոցներուն մէջ կը քալեն բացագանչելով «Կազա, Կազա մեր կանչն է, յաղթանակն ու անսասանութիւնը՝ ցերեկ ու գիշեր։ Մենք ոտքի կը կանգնինք քու դէմ, թշնամի՛, կրակէ լեռներէն կը քալենք, իմ արիւնէս կը պատրաստեմ զինամթերքս, եւ քու արիւնէդ գետեր կը հոսին», եւ այլ կարգախօսներ։