Պուսթանի. «Ընտրութիւնները Թեքնիք Պատճառներով Յուլիս Ամսուան Յետաձգելու Շուրջ Լուրջ Խօսակցութիւն Գոյութիւն Ունի»

Երեսփոխան Ֆարիտ Պուսթանի յայտնեց, որ դեսպան Սիմոն Քարամփ «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբին մէջ նշանակումը հանրապետութեան նախագահ ժոզեֆ Աունի կողմէ յաջող քայլ մըն էր:

Ան ըսաւ, որ Լիբանանի համար աշխատանքի ամերիկեան խումբի վերջին այցելութիւնը նախկին ամերիկեան այցելութիւններէն աւելի դրական էր, անկէ կը բացակայէր սպառնական ոճը, սակայն զէնքը պետութեան մենաշնորհը դարձնելու սկզբունքի ծիրին մէջ:

Պուսթանի «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին նաեւ շեշտեց, որ խորհրդարանական ընտրութիւնները թեքնիք պատճառներով յուլիս ամսուան յետաձգելու շուրջ լուրջ խօսակցութիւն գոյութիւն ունի:

 

Leave a Comment