Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի «Ասաս Միտիա»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին անդրադառնալով «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբի ժողովներուն յայտնեց. «Առաջին բանը, որ պէտք է տեղի ունենայ, զինադադարն է, եւ Իսրայէլի առնուազն իր բռնագրաւած մէկ դիրքէն հեռանալու պատրաստակամութիւն ցոյց տալը: Ատիկա միայն փափաք չէ, այլ առանց ատոր պիտի չկարենանք ժողովներ գումարել շարունակելը ընդունիլ: Կա՛մ բանակցութիւն կայ, կա՛մ ոչ»` աւելցնելով. «Բանակցութիւններուն մէջ բարի կամեցողութիւն չկայ, այլ շօշափելի անհրաժեշտ քայլեր»:
«Մենք իսրայէլեան բանակին որեւէ յոյս չենք կապեր, որովհետեւ ոչ ոք անոր վրայ ազդեցութիւն ունի, այլ կը հետեւինք քաղաքական դիրքորոշումներուն, որոնց վերջինը Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի այն խօսքն է, որ Իսրայէլ պէտք է դիւանագիտական լուծումներու դիմէ: Տեսնենք, թէ այս ճնշումները ինչի՛ արդիւնք պիտի տան», նշեց Պըրրի:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ իր կարծիքով Իսրայէլ պատրա՞ստ է բան մը տալու, Պըրրի ըսաւ. «Ատոր վրայ կը կեդրոնանանք»:
Պատասխանելով 1949-ի զինադադարի վերակենդանացման համաձայն ըլլալուն մասին հարցումի մը` խորհրդարանի նախագահը յայտնեց. «Պատրաստ եմ անմիջապէս անոր վերադառնալու: Ես, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթը եւ մեզմէ բացի շատեր ատոր վերադառնալուն հետ են: Առնուազն զինադադարի համաձայնութեան վերադառնանք»: