Լիբանանի Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Յաղթանակով Սկսաւ Տարեշրջանը

ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի ֆութպոլի խումբը 2025-2026 տարեշրջանի Գ. դասակարգի ֆութպոլի ախոյեանութեան իր առաջին մրցումին 1-0 արդիւնքով յաղթեց Թաուֆիրին:

ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ աւելի լաւ պաշտպանողական խումբ մը կազմած կը թուի ըլլալ, հակառակ անոր որ առաջին մրցումէն չենք կրնար դատել խումբին ճիշդ մակարդակը:

Մրցումի 23-րդ վայրկեանին Սերժ Օսքեան, որ անցեալ տարեշրջանի Դ. դասակարգի կոլ-սքորըրն էր, կուրծքով կեցնելէ ետք գնդակը ամենայն ճկունութեամբ ինքն իր վրայ դարձաւ եւ աջ ոտքի անզսպելի հարուածով նշանակեց մրցումին միակ կոլը:

Առիթներ ստեղծուեցան արդիւնքը բարձրացնելու, բայց կարեւորը 3 կէտն էր, եւ մրցումը եղաւ ի նպաստ ՀՄԸՄ-ի տղոց:

ՀՄԸՄ-ի յաջորդ մրցակիցը` Իժթիմահի, 4-2 արդիւնքով պարտութիւն կրեց Հորր Ամելէն: Ղատ Աֆտալ եղաւ այս հանգրուանի մեծագոյն յաղթականը եւ 6-2 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Հարաքեթ Շապեպը: Ժալիլ Քանա 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ահլի Սայտան:

 

Leave a Comment