Ըստ Ամերիկացի Պաշտօնատարի Մը. Կայունութեան Միջազգային Ուժը Կազայի Մէջ Պիտի Տեղակայուի 2026 Թուականի Սկիզբը

Ամերիկացի պաշտօնատար մը իսրայէլեան «Ճերուզալեմ փոսթ» օրաթերթին յայտնած է, թէ կայունութեան միջազգային ուժը Կազայի մէջ պիտի տեղակայուի 2026 թուականի սկիզբը:

Ան յայտնած է, որ նշեալ ուժը առաջին փուլին բաղկացած պիտի ըլլայ մէկ կամ երկու պետութիւններու զինուորներէ, իսկ այլ պետութիւնները կրնան հետագային անոնց միանալ:

«Ուժը պիտի չտեղակայուի Կազայի մէջ Համասի վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջաններուն մէջ», աւելցուցած է ան:

Ամերիկացի պատուիրակը միջազգային ուժին մասնակից երկիրները չէ նշած, սակայն ապահովական աղբիւրներ, նախքան այդ, հաղորդած են, որ Անգարան պատրաստ է իր ուժերը ուղարկելու:

«Կայունութեան միջազգային ուժին միանալու համար Կազա զօրքեր ուղարկելու վերաբերեալ խնդիր չունինք: Ամերիկացիները մեծապէս կ՛ուզեն, որ այդտեղ ըլլանք, սակայն Իսրայէլ դէմ է: Ամերիկացիները Իսրայէլի վրայ ճնշում կը բանեցնեն, որպէսզի կայունութեան միջազգային ուժին թրքական ուժերու մասնակցութեան համաձայնի», յայտնած են աղբիւրները:

Leave a Comment