«Միացեալ Նահանգներու Խաղաղութեան Ծրագիրի Նոր Տարբերակը Կրնայ Ռուսիոյ Հաճելի Չգալ» Կ՛ըսէ Ուշաքով

Մենք ամերիկեան նախագիծերու որեւէ վերատեսութեան ենթարկուած տարբերակ չենք տեսած: Երբ տեսնենք, անոնցմէ շատերը կրնան մեզի հաճելի չգալ: Այս մասին լրագրողներուն յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահի արտաքին քաղաքականութեան հարցերով օգնական Եուրի Ուշաքով:

«Մեզի պէտք է ցոյց տան, թէ ամերիկացիները եւրոպացիներու եւ ուքրանացիներու հետ ինչի՛ շուրջ համաձայնութեան եկած են», ընդգծած է Ուշաքով:

Ուշաքով «Քոմերսանթ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է, որ Ուքրանիոյ մէջ զինադադարը կարելի է միայն այն ժամանակ, երբ Քիեւի զօրքերը դուրս գան Տոնպասի շրջանէն:

Ան չէ բացառած, որ Տոնպասի մէջ տեղակայուի միայն Ռուսիոյ ազգային պահակագունդը, եւ ռուսական բանակ չըլլայ այն շրջաններուն մէջ, որոնք ներկայիս կը գտնուին Ուքրանիոյ վերահսկողութեան տակ:

«Եթէ ոչ բանակցութիւններու միջոցով, ապա զինուորական ճամբով այս տարածքը պիտի անցնի Ռուսիոյ լիակատար վերահսկողութեան տակ: Մնացեալ ամէն ինչ ատկէ կախեալ պիտի ըլլայ», ըսած է Ուշաքով:

Leave a Comment