Էրտողան – Փութին Հանդիպում – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ նախագահներ Վլատիմիր Փութինն ու Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը Թիւրքմենիստանի մէջ հանդիպում ունեցած են:

«Ազատութիւն» կը հաղորդէ, որ պաշտօնական հաղորդագրութեան համաձայն, Փութինն ու Էրտողանը մանրամասն կերպով քննարկած են ուքրանական տագնապի լուծման հարցը, ինչպէս նաեւ շրջանային ու միջազգային հարցեր:

Ըստ Քրեմլինի, օրակարգի վրայ եղած է նաեւ Եւրոպայի մէջ սառեցուած ռուսական հաշիւները Ուքրանիոյ իբրեւ վարկ տրամադրելու` Պրիւքսելի ծրագիրը:

Ռուսիոյ նախագահի բանբերը ըսած է, թէ երկու ղեկավարները համաձայնած են, որ նման անխոհեմ գործողութիւնները կրնան խաթարել միջազգային առեւտրական եւ ֆինանսական յարաբերութիւնները կանոնակարգող Պրըթըն Վուտզի համակարգը:

Leave a Comment