ՌաժԺի. «Մեզի Արաբական Եւ Միջազգային Կողմերէ Զգուշացումներ Հասան, Թէ Իսրայէլ Լիբանանի Դէմ Զինուորական Լայնածաւալ Գործողութեան Պատրաստուած Է»

Լիբանանի արտաքին գործոց նախարար Եուսեֆ Ռաժժի նշեց. «Մեզի արաբական եւ միջազգային կողմերէ զգուշացումներ հասան, թէ Իսրայէլ Լիբանանի դէմ զինուորական լայնածաւալ գործողութեան պատրաստուած է»` աւելցնելով. «Դիւանագիտական մեր հաղորդակցութիւնները կ՛աշխուժացնենք Լիբանանն ու անոր կառոյցները իսրայէլեան որեւէ հարուածէ զերծ պահելու»:

Ռաժժի «Ժազիրա» պատկերասփիւռի կայանին նշեց. «Իսրայէլի հետ զինադադարի համաձայնութեան կը ձգտինք, եւ խաղաղութեան համաձայնութիւնը ներկայիս հեռու է»:

«Լիբանանեան պետութիւնը Հըզպալլայի հետ երկխօսութիւն կը կատարէ զայն համոզելու, որ զէնքը յանձնէ, սակայն ան կը մերժէ», ըսաւ ան:

«Լիբանանի եւ շրջանին մէջ իրանեան դերակատարութիւնը շատ ժխտական է, եւ Թեհրանի վարած քաղաքականութիւնը անկայունութեան աղբիւրներէն մէկն է», աւելցուց Ռաժժի` նշելով. «Իրանի հետ խնդիր ունինք, եւ երկխօսութեան նկատմամբ դրական տրամադրուած ենք, պայմանով, որ ան դադրի մեր ներքին հարցերուն միջամտելէ»:

«Իրան պէտք է դադրի Լիբանանի մէջ ոչ օրինական կազմակերպութիւն մը ֆինանսաւորելէ», յայտնեց ան:

Leave a Comment