Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդուժի Յարձակումներ

Իսրայէլեան օդուժը երէկ առաւօտեան հարաւային Լիբանանի Իքլիմ Թուֆահ եւ Ժապալ Ռիհան շրջաններուն վրայ յարձակումներ շղթայազերծեց:

Օդուժը նաեւ թիրախաւորեց արեւմտեան Պեքայի Համա շրջանին մէջ Զալայա գիւղը:

Իսրայէլեան բանակը պնդեց, թէ այս շաբթուան ընթացքին երկրորդ անգամ ըլլալով թիրախաւորած է հարաւային Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի մարզումի ճամբարներ եւ զինուորական ենթակառոյցներ:

 

Leave a Comment