ՄԱՀԱԶԴ
Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը կը գուժէ Համազգայինի «Սիմոն Վրացեան» մասնաճիւղի անդամներէն
ՎԱՀԷ ԷԼՄԱՃԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 11 դեկտեմբեր 2025-ին:
————————————–
ՄԱՀԱԶԴ
Մարաշի Հայրենակցական միութեան վարչութիւնը կը գուժէ իր անդամներէն եւ մշակութային յանձնախումբի պատասխանատուին
ՎԱՀԷ ԷԼՄԱՃԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 11 դեկտեմբեր 2025-ին:
————————————–
ՄԱՀԱԶԴ
Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ բարեսիրական միութիւնը կը գուժէ իր վաստակաշատ նախկին ատենապետին`
ՎԱՀԷ ԷԼՄԱՃԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 11 դեկտեմբեր 2025-ին:
————————————–
ՄԱՀԱԶԴ
ՔԱՀԼ-ի տնօրէնութիւնը կը գուժէ իր երկարամեայ պաշտօնեաներէն
ՎԱՀԷ ԷԼՄԱՃԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 11 դեկտեմբեր 2025-ին:
————————————–
ՄԱՀԱԶԴ
Պուրճ Համուտի Հայ կաթողիկէ միութեան (ՀԿՄ) վարչութիւնը կը գուժէ իր հիմնադիր անդամներէն
ՎԱՀԷ ԷԼՄԱՃԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 11 դեկտեմբեր 2025-ին:
————————————–
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Սեդա Էլմաճեան
Օրիորդ Դալար Էլմաճեան
Տէր եւ տիկին Րաֆֆի Էլմաճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Գէորգ Ժամկոչեան եւ զաւակունք
Էլմաճեան եւ Ժամկոչեան ընտանիքներ
Միքայէլեան եւ Այվաճեան ընտանիքներ
Էզաճեան եւ Գարակէօզեան ընտանիքներ
Իւրնէշլեան եւ Պասմաճեան ընտանիքներ
Դաւիթեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, եղբօր, հօրեղբօր, մօրեղբօր, քեռայրին եւ խնամիին`
ՎԱՀԷ ԷԼՄԱՃԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 11 դեկտեմբեր 2025-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` ուրբաթ, 12 դեկտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 2:30-ին, Պուրճ Համուտի Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Հայ կաթողիկէ գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին եկեղեցւոյ սրահին մէջ, նոյն օրը մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, նաեւ շաբաթ, 13 դեկտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:
————————————–
Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑԻ
Ս. ՅԱԿՈԲ ՄԾԲՆԱՅ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԻՒՆ
ԵՒ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅՍ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ
ԿԻՐԱԿԻ 14 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2025
Սուրբ պատարագը պիտի մատուցէ, քարոզէ եւ մատաղօրհնէքը կատարէ
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց
– Ժամերգութիւն ժամը 8:30-ին
– Ժամանում առաջնորդ սրբազան հօր ժամը 9:30-ին
(Պիտի դիմաւորուի թաղականութեան եւ մասնակցութեամբ ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի Սկաուտական կազմին կողմէ)
– Սուրբ պատարագ ժամը 10:00-ին
– Քարոզ ժամը 11:00-ին
– Մատաղօրհնէք ժամը 11:45-ին
Սիրով կը հրաւիրենք մեր հայորդիները հաղորդուելու օրուան խորհուրդով:
Պատարագէն ետք գեղարուեստական յայտագիր եւ հիւրասիրութիւն եկեղեցւոյս «Տիրան Պապիկեան» սրահին մէջ:
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ ԵՒ ՀՈԳԵՒՈՐ ՀՈՎԻՒ
————————————–
Սիրելի՛ ճեմարանաւարտներ,
Համազգայինի Փալանճեան-Արսլանեան Ճեմարանի Շրջանաւարտներու միութեան վարչութիւնը ձեզ կը հրաւիրէ ընդհանուր ժողովի` կիրակի, 14 դեկտեմբեր 2025-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Համազգայնի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի «Պոլեան» սրահին մէջ:
ԾԱՆՕԹ.- Ժամը 6:30-ին ներկաներուն թիւը մեծամասնութիւն պիտի նկատուի:
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ՓԱԼԱՆՃԵԱՆ-ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ
ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
————————————–
ՍՏԱՑԱՆՔ
-
STEPHEN’S ARMENIAN APOSTOLIC CHURCH
100 YEARS
***
THE SHEPHERD’S VOICE
100 YEARS OF FAITH, MEMORY AND HOPE
ARCHBISHOP KHOREN TOGHRAMADJIAN
————————————–
ՄՕՏ ՕՐԷՆ
YEREVAN STORE
ՍԵՓԱԿԱՆԱՏԷՐ` ԹԱՄԱՐ ԵՒ ՐԱՖՖԻ
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՐԱԶԱՏ
ԱՐՏԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՏԵՍԱԿԱՆԻ
Յարգոյ յաճախորդներուն կը յայտնենք, որ աւարտած ըլլալով վաճառատան նորոգութիւնները եւ անոր վերաբացման առիթով, յաճախորդները այդտեղ պիտի կարենան այցելել ամէն օր առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00-ը:
YEREVAN STORE.- Պուրճ Համուտ,
Արաքս փողոց, թիւ 63 թաղ, հեռաձայն`
01-254747 եւ 81-002115


