• Վարչապետի ելոյթը Եւրասիական միջ-կառավարական խորհուրդի հերթական նիստին։
• Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատուրեան առանձնազրոյց ունեցած է Թուրքմենիստանի նախագահին հետ, Թուրքմենիստան կատարած աշխատանքային այցի շրջանակներուն մէջ։
• Պուլկարիոյ կառավարութիւնը յայտարարեց իր հրաժարականի մասին բողոքի ցոյցերու եւ վստահութեան ճգնաժամի պատճառով։
• Սթոքհոլմի մէջ տեղի ունեցաւ 2025 թուականի Նոպէլեան մրցանակներ շնորհելու հանդիսաւոր արարողութիւն։
• Երեւանի քաղաքապետին նախաձեռնութեամբ՝ Երեւանի համայնքային դպրոցներուն մէջ բջիջային հեռախօսներ օգտագործելը արգիլուած է, կը յայտնեն Երեւանի քաղաքապետարանէն։
• Դեկտեմբերի 14-ին՝ ժամը 16:00-ին, ամբողջութեամբ երթեւեկութիւնը պիտի դադրի Հանրապետութեան հրապարակէն ներս՝ մինչեւ համերգի աւարտը: Համերգի սկիզբը ժամը 20- ին։
