Բռնցքամարտ. 5 Հայ Ներկայացուցիչներ Հասան Կիսաւարտական

Տուպայի մէջ տեղի ունեցող բռնցքամարտի աշխարհի ախոյեանութեան, Հայաստանի հաւաքականը կը շարունակէ իր տպաւորիչ ելոյթները:

Ռաֆայէլ Յովհաննիսեան, Դաւիթ Չալոյեան եւ Ռուտոլֆ Գարբոյեան յաղթելէ ետք քառորդ աւարտականի իրենց մրցումներուն, ապահովեցին առնուազն պրոնզէ մետալ:

Ռաֆայէլ Յովհաննիսեան իր էքուատորցի մրցակիցին դէմ բուռն պայքար տարաւ եւ հանգիստ յաղթանակ արձանագրեց` իր ասպարէզին մէջ առաջին անգամ ըլլալով հասնելով կիսաւարտական:

Աշխարհի ախոյեանութեան պատուոյ հարթակ կը վերադառնայ գիւմրեցի Դաւիթ Չալոյեան, որ դուրս ձգեց Ղազախստանի իր մրցակիցը: 2021-ի աշխարհի փոխախոյեանը իր մակարդակին վերադարձած է եւ շատ լաւ ելոյթներ կ՛ունենայ:

Ռուտոլֆ Գարբոյեան իր կարգին պարտութեան մատնեց իր քուպացի մրցակիցը: Հայաստանի այս եռեակը միացաւ աւելի կանուխ կիսաւարտական հասած Արթուր Բազէեանին եւ Յովհաննէս Բաչքովին:

 

 

Leave a Comment