Ռոման Աւագեան Կոմես` Գերմանիոյ Ֆութպոլի Նոր Աստղերէն

15 տարեկան միջնապահ Ռոման Աւագեան Կոմես կը շարունակէ արագ ձեւով բարձրանալ ֆութպոլի աստիճանները` Գերմանիոյ մէջ:

Հայ-մեքսիքացի ամերիկացի տաղանդը Մայնցի 16 տարեկանէն վար խումբին հետ դարձաւ պատանիներու հարաւ-արեւմտեան շրջանային ախոյեանը` 13 մրցումներու ընթացքին 11-րդ յաղթանակը արձանագրելէ ետք: Աւագեան Մայնցի հիմնական մարզիկներէն է:

Ռոման ծնած է Քալիֆորնիոյ Սան Տիեկօ քաղաքին մէջ եւ որդին է հայ հօր եւ մեքսիքացի մօր: Ան ֆութպոլ սկսած է խաղալ Միացեալ Նահանգներու մէջ, եւ քանի մը տարի առաջ փոխադրուած Գերմանիա` իր ընտանիքին հետ:

2024-ի նոյեմբերին ան պայմանագիր կնքած է Մայնց 05 խումբին հետ` նախ սկսելով 14 տարեկանէն վար խումբին հետ, ապա շարունակելով 16 տարեկանէն վար խումբին հետ, ուր արագ ձեւով դարձած է հիմնական մարզիկ: Մայնցին միանալէ առաջ Ռոման մարզուած է Թէ. Էս. Վէ. Շոթ Մայնց ակումբին հետ:

Ռոման առաջին անգամ միջազգային ասպարէզ դուրս եկաւ «Փէյֆա Եու. Էս. Էյ.»-ի ծրագիրին շնորհիւ, որ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի բաժին մըն է, որ կը զբաղի Հիւսիսային Ամերիկայի երիտասարդ տաղանդներու փնտռտուքով:

Ան հանդէս եկաւ Հայաստանի 14 տարեկանէն վար ազգային խումբէն 2024-ի «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի «Տեւելոփմընթ քափ»-ին, իսկ 2025-ի մայիսին Հայաստանի 15 տարեկանէն վար ազգային խումբէն, ուր Ուզպեքիստանի դէմ կոլ մը նշանակեց եւ Վրաստանի դէմ փենալթի մը:

Իր ծագումով Աւագեան իրաւունք ունի խաղալու Հայաստանի, Մեքսիքայի եւ Միացեալ Նահանգներու ազգային խումբերէն: Թէեւ ան այժմ կը խաղայ Հայաստանի տարիքային ազգային խումբերէն, բայց մեծերու մակարդակի անոր ընտրութիւնը բաց է, մինչ Մեքսիքա եւ Միացեալ Նահանգներ ուշադրութեամբ կը հետեւին անոր յառաջդիմութեան:

Վերջերս ան հրապարակած էր լուսանկար` Հայաստանի ազգային խումբի շապիկով եւ հետեւեալ գրութեամբ. «Անոնք կը կանչեն, եւ ես պատրաստ եմ»:

 

Leave a Comment