Արցախի Ազգային Ժողովի Լսումներ` «Վերադարձ Արցախ. Խնդիրներ, Մարտահրաւէրներ, Հնարաւորութիւններ» Նիւթով

«Վերադարձ Արցախ. խնդիրներ, մարտահրաւէրներ, հնարաւորութիւններ» նիւթով 10 դեկտեմբերին լսումներ կատարուեցան Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողով: Լսումները կատարուեցան Արցախի Սահմանադրութեան ընդունման օրուան առթիւ, անոնց մասնակցեցան արցախցի եւ հայաստանցի գործիչներ, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի ընդդիմադիր պատգամաւորներ:

Օրակարգին մէջ Արցախի պետական հաստատութիւններու պահպանման, Արցախ վերադարձի իրաւունքի իրականացման, Պաքուի բանտերուն մէջ ապօրինաբար գտնուող հայ գերիներու հարցերն էին:

Լսումները սկսան Տէրունական աղօթքով: Ներկաները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին արցախեան պատերազմներու զոհերու յիշատակը, հնչեցին Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններու քայլերգները:

«Այս լսումներով բացումը կը կատարենք պայքարի նոր էջի», յայտարարեց Արցախի նախագահի պարտականութիւնները կատարող, Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Դանիէլեան: «Արցախի բռնի զաւթումը Ազրպէյճանի կողմէ բոլորովին չի նշանակեր, որ դադրած է Արցախի Հանրապետութեան գոյութիւնը: Մեր իրաւունքներուն համար պայքարը, մեր յիշողութիւնները կը շարունակեն մեզ համոզել, որ վերադարձէն բացի այլ ելք չի կրնար գոյութիւն ունենալ», ըսաւ Աշոտ Դանիէլեան:

Արցախի մէջ մնացած է աւելի քան 5000 պատմամշակութային կոթող, որոնք հետեւողականօրէն կ՛աւերուին, կ՛ոչնչացուին. յայտարարեց Արցախի մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախկին նախարար Սերկէյ Շահվերդեան:

«Արցախի մշակութային ժառանգութեան վնասուած կոթողներու թիւեր սովորաբար չեմ ներկայացներ, որովհետեւ այդ թիւերը ամէն վայրկեան կը փոխուին: Մշակութային ժառանգութիւնը միայն պատմամշակութային կոթողները չեն. Ստեփանակերտի մէջ, օրինակ, կոթողային արուեստի ոչ մէկ յուշարձան գրեթէ չէ պահպանուած: Ազրպէյճան հետեւողականօրէն կը բնաջնջէ մեր հայկական հետքը», ըսաւ Շահվերդեան:

Անոր համաձայն, Ազրպէյճանի քաղաքականութիւնը հայկական մշակութային ժառանգութեան հանդէպ երեք ճիւղաւորում ունի: Առաջինը` ոչնչացում ընդհանրապէս. երեք եկեղեցի արդէն ամբողջութեամբ ոչնչացուած են: Երկրորդը` պատմութեան այլափոխում, երրորդը` սեփականաշնորհում, այսինքն `ազգային պատկանելութեան փոփոխութիւն: Այդ երեք ուղղութեամբ Արցախի Հանրապետութեան ամբողջ մշակութային ժառանգութիւնը վտանգուած է:

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Արցախի վերադարձի գաղափարը նիւթականացնելու մեծագոյն վտանգը մեր ներքին թշնամին է, որ կը կոչուի Հայաստանի իշխանութիւն»:

Ան շեշտեց, որ վերադարձի իրաւունքը միջազգային հանրութեան կողմէ արձանագրելի չի դառնար, եթէ նախ եւ առաջ վերադարձի համոզմունք չունենան բոլոր արցախահայերը:

«Պիտի չըլլայ վերադարձ, եթէ ատիկա չըլլայ ապրելակերպ: Այս առումով շատ շատ կարեւոր է Արցախի պետական հաստատութիւններու պահպանումը: Արցախի պետական հաստատութիւններու պահպանումը պէտք է ըլլայ բոլորի արժանապատուութեան հարցը, ոչ միայն արցախահայերու, այլեւ մեր բոլոր հայրենակիցներու` Հայաստանի մէջ ու Հայաստանէն դուրս», ըսաւ Գեղամ Մանուկեան:

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի ղեկավար Կիրօ Մանոյեան կը կարծէ, որ Արցախի իշխանութեան օրինականութիւնը պահպանելու համար պէտք է կազմակերպել առցանց ընտրութիւններ եւ ապահովել Արցախի իշխանութիւններու անխոցելիութիւնը: Սակայն Հայաստանի այս իշխանութիւններով ոչինչ կարելի է ընել: Ըստ Կիրօ Մանոյեանի Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնները ոչ միայն չեն ցանկար ատիկա, այլեւ հակառակը կ՛ընեն` եթէ խօսիս Արցախի վերադարձի իրաւունքի մասին, ուրեմն Հայաստանի ազգային անվտանգութեան սպառնալիք ես:

Մէկ ճանապարհ կայ այս նպատակին հասնելու համար` ատիկա այս իշխանութիւնը փոխելն է, ըսած է Կիրօ Մանոյեան եւ աւելցուցած. «Ո՛վ որ ալ գայ իշխանութեան, այս իշխանութիւններէն աւելի լաւ պիտի ըլլայ»:

Leave a Comment