
Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑԻ
Ս. ՅԱԿՈԲ ՄԾԲՆԱՅ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԻՒՆ
ԵՒ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅՍ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ
ԿԻՐԱԿԻ 14 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2025
Սուրբ պատարագը պիտի մատուցէ, քարոզէ եւ մատաղօրհնէքը կատարէ
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց
– Ժամերգութիւն ժամը 8:30-ին
– Ժամանում առաջնորդ սրբազան հօր ժամը 9:30-ին
(Պիտի դիմաւորուի թաղականութեան եւ մասնակցութեամբ ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի Սկաուտական կազմին կողմէ)
– Սուրբ պատարագ ժամը 10:00-ին
– Քարոզ ժամը 11:00-ին
– Մատաղօրհնէք ժամը 11:45-ին
Սիրով կը հրաւիրենք մեր հայորդիները հաղորդուելու օրուան խորհուրդով:
Պատարագէն ետք գեղարուեստական յայտագիր եւ հիւրասիրութիւն եկեղեցւոյս «Տիրան Պապիկեան» սրահին մէջ:
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ ԵՒ ՀՈԳԵՒՈՐ ՀՈՎԻՒ
————————————–
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ՏՈՔԹ. ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԵԱՅԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 21 դեկտեմբեր 2025-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
————————————–
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ
Սիրելի՛ ճեմարանաւարտներ,
Համազգայինի Փալանճեան-Արսլանեան Ճեմարանի Շրջանաւարտներու միութեան վարչութիւնը ձեզ կը հրաւիրէ ընդհանուր ժողովի` կիրակի, 14 դեկտեմբեր 2025-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Համազգայնի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի «Պոլեան» սրահին մէջ:
ԾԱՆՕԹ.- Ժամը 6:30-ին ներկաներուն թիւը մեծամասնութիւն պիտի նկատուի:
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ՓԱԼԱՆՃԵԱՆ-ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ
ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
————————————–
Կեսարիոյ Բարեսիրական Ընկերակցութիւն
ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
2025-2026 դպրոցական տարեշրջանի նոր եւ նախկին սաներու համար արձանագրութիւնները տեղի պիտի ունենան շաբաթ, 13, շաբաթ, 20 եւ շաբաթ, 27 դեկտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-էն մինչեւ ժամը 6:00, ընկերակցութեան կեդրոնին մէջ:
Կարեւոր.
1.- Դիմողները պարտին իրենց հետ ունենալ հայկական դպրոց արձանագրուած ըլլալու փաստաթուղթ մը:
2.- Վերոյիշեալ թուականէն ետք դիմումնագիրները պիտի մերժուին:
ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ