Թրամփ. «Եւրոպացի Ղեկավարները Շատ Կը Խօսին, Սակայն Ոչինչ Կ՛ընեն, Եւ Ուքրանիոյ Պատերազմը Անվերջ Կը Շարունակուի»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ «Փոլիթիքօ» օրաթերթին յայտնեց. «Եւրոպացի ղեկավարները շատ կը խօսին, սակայն ոչինչ կ՛ընեն, եւ Ուքրանիոյ պատերազմը անվերջ կը շարունակուի»:

«Ուքրանիոյ մէջ երկար ժամանակէ ի վեր ընտրութիւններ տեղի չեն ունեցած, եւ հարցերը հասան տեղ մը, ուր այլեւս դադրեցաւ այնտեղ ժողովրդավարութիւն գոյութիւն ունենալ», նշեց Սպիտակ տան ղեկավարը:

Գերմանիոյ վարչապետ Ֆրիտրիխ Մերց յայտնած էր. «Ամերիկեան ազգային անվտանգութեան ռազմավարութեան կարգ մը հատուածներ եւրոպական տեսանկիւնէն անընդունելի են, մանաւանդ որ նոր փաստաթուղթը խօսեցաւ Եւրոպայի մէջ քաղաքակրթական բնաջնջումի մասին»:

Եւրոպայի տնտեսական մեծագոյն երկիրը եղող Գերմանիոյ վարչապետը ամերիկեան մեծ ռազմակայանները պարունակող Ռայնլանտ-Պֆալց նահանգ այցելութեան ընթացքին նշած էր. «Ամերիկացիները այժմ կ՛ուզեն Եւրոպայի մէջ ժողովրդավարութիւնը փրկել. իմ տեսակէտով ատոր կարիքը չկայ»:

 

 

Leave a Comment