Ռուսական Ծովուժի Ընդհանուր Հրամանատարը Կը Յայտարարէ. «Միացեալ Նահանգներն Ու Եւրոպան Հիւսիսային Բեւեռին Մէջ Հաւանական Զինուորական Բախումի Մը Կը Պատրաստուին»

Ռուսիոյ ծովուժի ընդհանուր հրամանատար ծով. Ալեքսանտր Մոյսէեւ յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներն ու Եւրոպան հիւսիսային բեւեռին մէջ հաւանական զինուորական բախումի մը կը պատրաստուին»:

«Ուաշինկթընն ու ՕԹԱՆ-ի դաշինքը հիւսիսային բեւեռին մէջ իրենց զինուորական ներկայութիւնը կ՛ամրապնդեն, եւ մարզումի համեմատութիւնը 40 առ հարիւրի բարձրացաւ», նշեց ծովակալը:

«Ռուսական հիւլէական ռազմավարական ուժերու մարտական պատրաստուածութեան մակարդակը բարձրացաւ 100 առ հարիւրի», ըսաւ ան:

 

Leave a Comment