Բռնցքամարտ. Թեմուր Մամոյեան` Աշխարհի Ախոյեան

Ծանր կշիռի բռնցքամարտիկ Թեմուր Մամոյեան (11-0) նուաճեց «Տապըլեու. Պի. Էյ.» Ուորտ Կոլտ» ախոյեանութեան գօտին` նաք-աութով պարտութեան մատնելով Ճուար Շէյխին:

Մրցումը տեղի ունեցաւ Գերմանիոյ Կիւպինկեն քաղաքին մէջ, ուր Մամոյեան 8-րդ ռաունտին աւարտեց իր մենամարտը:

34 տարեկան մարզիկը, որ ազգութեամբ եզիտի է, ծնած է Երեւան, սակայն վերջին տարիներուն կը բնակի եւ կը մարզուի Գերմանիոյ մէջ: Այս յաղթանակը եղաւ անոր արհեստավարժ ասպարէզի մեծագոյն ձեռքբերումն ու կարեւորագոյն նուաճումը, որուն համար Մամոյեան տարիներով կ՛աշխատէր:

Հետաքրքրականը այն է, որ Մամոյեան 2022-ին, երբ 31 տարեկան էր, առաջին անգամ ըլլալով մուտք գործած էր արհեստավարժ ասպարէզ, բայց ան տպաւորիչ ելոյթներ ունեցած է իր 11 մենամարտներն ալ նաք-աութով յաղթելով:

 

Leave a Comment