Փեսքով. «Ուքրանիոյ Տագնապի Լուծման Կողմերը Հետզհետէ Աւելի Կը Հասկնան, Թէ Պէտք Է Լռութեան Մէջ Աշխատին»

Ուքրանիոյ տագնապի լուծման կողմերը հետզհետէ աւելի կը հասկնան, թէ պէտք է լռութեան մէջ աշխատին: Այս մասին լրագրողներուն ըսած է Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով:

«Ակնյայտ է, որ կողմերը այժմ աւելի յստակ կը հասկնան, թէ աշխատանքը պէտք է լռութեան մէջ կատարուի: Նման աշխատանքը չի կրնար իրականացուիլ լիակատար հրապարակայնութեան մէջ: Ատիկա կառուցողական պիտի չըլլայ: Ամէնէն կարեւորը` անիկա արդիւնքի պիտի չհասնի», յայտնած է Փեսքով»:

 

 

Leave a Comment