Ըստ «Պլումպըրկ»- ին. Թուրքիան Յառաջիկայ 6 Ամսուան Ընթացքին Հայաստանի Հետ Ցամաքային Սահմանը Վերաբանալու Հարցը Կը Քննարկէ

Թուրքիան կը քննարկէ յառաջիկայ վեց ամսուան ընթացքին Հայաստանի հետ ցամաքային սահմանը վերաբանալու հարցը` վերացնելով Պաղ պատերազմի դարաշրջանի Եւրոպայի վերջին փակ սահմանը եւ հող նախապատրաստելով Կովկասի մէջ առեւտուրի վերականգնման համար: Այս մասին կը հաղորդէ «Պլումպըրկ»-ը` յղում կատարելով իր աղբիւրներուն:

Թուրքիան Հայաստանի հետ սահմանը փակած է 1993 թուականին` Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք` Արցախ-Ազրպէյճան տագնապի լոյսին տակ:

 

Leave a Comment