Իզմիրի Մէջ Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի, Միացեալ Նահանգներու Եւ Փաքիստանի Մասնակցութեամբ Միացեալ Ռազմափորձեր

Թուրքիոյ Իզմիր քաղաքին մէջ տեղի ունեցած են «Արեւելեան Միջերկրական ծով 2025» ռազմափորձերը` Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի, Միացեալ Նահանգներու եւ Փաքիստանի զինեալ ուժերուն մասնակցութեամբ:

Ռազմափորձերուն մասնակցած են Ազրպէյճանի ծովուժի անձնակազմի խումբը, Միացեալ Նահանգներու հակաահաբեկչական անվտանգութեան խումբը եւ Փաքիստանի ծովային պարեկութեան օդանաւը:

 

Leave a Comment