«Ֆորմիւլա 1». «Մաքլարեն»-ի Ձախողութենէն Օգտուեցաւ Վերշթափըն

Այս տարուան «Ֆորմիւլա 1»-ի աշխարհի ախոյեանը անգամ մը եւս չվճռուեցաւ եւ այս կիրակի պիտի վճռուի տարուան վերջին կրան փրիին` Ապու Տապիի մէջ:

2021-ի Ապու Տապիի կրան փրիին նման այս կիրակի պիտի հռչակուի տարուան ախոյեանը` վերջին մրցումին: Վերջին 4 տարիներու աշխարհի ախոյեան Մաքս Վերշթափըն յոյս ունի 5-րդ տարին ըլլալով ախոյեան դառնալու, մանաւանդ որ 12 կէտերու նուազեցուց Լանտօ Նորիսի հետ իր տարբերութիւնը, մինչ Նորիսի խմբակից Օսքար Փիասթրի իր կարգին յոյս ունի ախոյեան դառնալու:

Թուղթի վրայ ամէնէն հաւանականն է Նորիսի դիրքը, բայց կրնայ ըլլալ, որ Նորիս – Փիասթրի զոյգի երազը` առաջին անգամ ըլլալով ախոյեան դառնալու, պատճառ դառնայ «պրկուած» մրցակցութեան, որմէ կրնայ օգտուիլ փորձառու Վերշթափըն:

Քաթարի մէջ 4-րդ դիրքը գրաւելէ ետք, Նորիսի կը մնայ 3-րդ դիրքը շահիլ եւ դառնալ ախոյեան, հոգ չէ թէ ո՛վ պիտի շահի կրան փրին:

Եթէ պատահի, որ Նորիս 4-րդ կամ 5-րդ դիրքը գրաւէ, Վերշթափըն պէտք է գրաւէ 2-րդ կամ աւելի վար դիրքեր:

Եթէ Վերշթափըն շահի կրնայ ախոյեան դառնալ, եւ Նորիս առաւելագոյնը 4-րդ դիրքը կը գրաւէ, եթէ Վերշթափըն 2-րդ դիրքը գրաւէ, պէտք է Փիասթրի առաւելագոյնը 3-րդ դիրքը գրաւէ, իսկ Նորիս 8-րդ կամ աւելի վար:

Փիասթրիի վիճակը աւելի դժուար է, եթէ ախոյեան պիտի դառնայ: Փիասթրի պէտք է շահի Ապու Տապիի կրան փրին, եթէ Նորիս առաւելագոյնը 6-րդ դիրքը գրաւէ:

 

Ստորեւ` թեկնածուներուն դասաւորումը.

1.- Լանտօ Նորիս           408   ԿԷՏ
2.- Մաքս Վերշթափըն        396   ԿԷՏ
3.- Օսքար Փիասթրի         392   ԿԷՏ

Leave a Comment