«էն. Պի. Էյ.»-ի բնական ախոյեանութեան կողքին տեղի ունեցող «Էն. Պի. Էյ.»-ի «Էմիրէյթց Քափ»-ի քառորդ աւարտականի 8 խումբերը յստակացան, երբ ամէն շրջանի 3 խմբակներու մրցումները հասան իրենց աւարտին:
Արեւելեան շրջանին մէջ, Թորոնթօ Ռեփթըրզ շահեցաւ առաջին խմբակը` յաղթելէ ետք Ուաշինկթընի եւ օգտուելով Ինտիանայի պարտութենէն:
Օրլանտօ Մեճիք շահեցաւ Բ. խմբակը` յաղթելէ ետք Տիթրոյիթի, մինչ Նիւ Եորք Նիքս շահեցաւ Գ. խմբակը` յաղթելէ ետք Միլուոքիի: Մայեմի Հիթ շահեցաւ «Ուայլտ Քարտ»-ը (հրաւէր)` օգտուելով Տիթրոյիթի եւ Քլիվլենտի պարտութիւններէն:
Արեւմտեան շրջանին մէջ, Լոս Անճելըս Լէյքըրզ ապահովեց իր խմբակի (Բ. խմբակ) պարագլուխի դիրքը` յաղթելէ ետք Լոս Անճելըս Քլիփըրզին, մինչ անցեալ տարուան «Էն. Պի. Էյ.»-ի ախոյեան Օքլահոմա Սիթի Թանտըր գրաւեց առաջին խմբակի պարագլուխի դիրքը` յաղթելէ ետք Ֆինիքս Սանզին: Գ. խմբակը շահեցաւ Սան Անթոնիօ Սփըրզ` յաղթելէ ետք Տենվըր Նակեթցին: Այս շրջանի «Ուայլտ քարտ»-ը շահեցաւ Ֆինիքս Սանզ` յաղթելէ ետք Մեմֆիս Կրիզլիզին թայ-պրէյքով:
Պէտք է նշել, որ «Էն. Պի. Էյ.»-ի այս տարեշրջանի մրցումներուն թիւը հասած է 21-ը, ուր Օքլահոմա հասած է իր 20-րդ յաղթանակին:
Բ. դիրքը կը գրաւէ Տիթրոյիթ Փիսթընզ 17 յաղթանակներով, մինչ Լոս Անճելըս Լէյքըրզ եւ Հիուսթըն Ռոքեթց 4-ական պարտութիւններ ունին:
Լէյքըրզի սլովենիացի աստղ Լուքա Տոնչիչ կը գրաւէ առաւելագոյն կէտեր նշանակելու դասաւորման առաջին դիրքը` 35,1 կէտով (ամէն մրցումի), մինչ Շէյ Կիլճիըս-Ալեքսանտր (32,5) Թայրիս Մեքսի (32,3), Եաննիս Անթեթոքումփօ (30-6) եւ Տոնավըն Միչել (30-6) կը յաջորդեն զայն:
Ռիպաունտի դասաւորման մէջ Նիքոլա Եոքիչ (12,8 ռիպաունտ) կը գրաւէ առաջին դիրքը` գերազանցելով Քարլ-Անթոնի Թաունզը (11,9), Ճէյլըն Տիւրենը (11,8), Իվիցա Զուպացը (11,6) եւ Անթեթոքումփոն (10,7):
Էսիսթի պարագլուխի դիրքը կը գրաւէ Եոքիչ (11,1 էսիսթ)` գերազանցելով Քէյտ Քանինկհեմը (9,3), Տոնչիչն (9,2) ու Ճոշ Կիտին (9,1):