Սրբազան Քահանայապետը Այցելեց Պոլսոյ Ս. Աստուածածին Մայր Տաճար

Պոլսոյ հայոց պատրիարքութեան դիմատետրեան էջը կը հաղորդէ, որ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Լեւոն ԺԴ. սրբազան քահանայապետը, որ Նիկիոյ Տիեզերական Ս. ժողովի 1700-ամեակի նշման առիթով Պոլիս այցելած էր, կիրակի, 30 նոյեմբեր 2025-ի առաւօտեան այցելեց Ս. Աստուածածին աթոռանիստ մայր տաճար:

Սրբազան քահանայապետը ժամը 9:15-ին մայր տաճարին առջեւ զանգակներու ղօղանջին ներքեւ դիմաւորուեցաւ Սահակ Բ. պատրիարքին կողմէ, որուն կողքին էին Կրետէի հոգեւոր տեսուչ Եզնիկ արք. Պետրոսեան եւ Արամ արք. Աթէշեան:

Աւանդական զգեստներով երկու մանուկներ աղ ու հաց մատուցեցին սրբազան քահանայապետին:

Օրուան երգեցողութիւնները կատարուեցան Գողթան եւ Արմաշ դպրաց դասերուն միացեալ կազմին կողմէ, առաջնորդութեամբ եւ երգեհոնահարութեամբ Յարութիւն Էտվին սրկ. Կալիպեանի:

Մայր տաճարի մուտքին եպիսկոպոսներ, վեղարաւոր միաբաններ, քահանայից ու սարկաւագաց դասերը թափօր կազմեցին եւ «Հրաշափառ»-ի երգեցողութեամբ խորան առաջնորդեցին սրբազան քահանայապետը եւ պատրիարք հայրը:

Պապը եւ պատրիարքը խորան բարձրացան, ուր «Թագաւոր երկնաւոր» շարականի երգեցողութեամբ աղօթեցին Ս. Եկեղեցւոյ պայծառութեան համար:

Սարկաւագներուն «Ողջոյն տուք միմեանց…»-էն ետք երկու հոգեւոր պետեր ողջագուրուեցան:

Երկու հոգեւոր պետերու աղօթքներէ ետք պատրիարք հայրը արտասանեց ողջոյնի խօսքը, ապա Հռոմի սրբազան քահանայապետը արտասանեց իր շնորհակալութեան խօսքը: Կատարուեցաւ նուէրներու փոխանակում:

Leave a Comment