Ո՛վ Հայր, ձեռքերուդ մէջ կ’աւանդենք մեր վիրաւոր Սուրբ Եկեղեցին որպէսզի Տէր դառնաս անոր մշուշապատ ներկային ու ապագային, այնպէս ինչպէս պահպանած ես զայն անցեալին դժոխքի դռներու բոլոր մոլեռանդ յարձակումներէն
ԱՄԵՆ. ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ՆՈՐ ՏԱՐՒՈՅ ՊԱՏԳԱՄԸ «Ո՛վ Հայր, ձեռքերուդ մէջ կ’աւանդեմ իմ հոգիս» (Ղուկաս 23:46) Տէր Յիսուսի խաչի վրայ վերջին աղօթքը ուղղուած Հայր Աստուծոյ, պէտք է որ մեր առաջին եւ հիմնական աղերսանքը դառնայ, երբ մուտք կը գործենք նոր տարիի սեմէն ներս: Նոր տարին 2026ը ինչե՛ր պիտի մատուցանէ ոչ ոք գիտէ բացի Աստուծմէ, որ Տէրն … Read more