Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի Դարձի Առաջին Մրցումը` 7 Փետրուարին

7 փետրուարին ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի տղոց ֆութպոլի խումբը պիտի սկսի Գ. դասակարգի իր դարձի մրցումներուն, ուր 7 վճռական մրցումներ ունի կատարելիք: 15 օրուան դադարը շատ կարեւոր է վերստին ուսումնասիրելու խումբին մրցակիցները, անոնց մարզիկները, խաղաոճը, անոնց յաղթելու ձեւը, տկար եւ զօրաւոր գիծերը եւ կէտերը: Տեսանք 7 մրցակիցները եւ գիտենք, որ բոլորին ալ կրնանք յաղթել, եթէ… ճիշդ … Read more

Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ – Թատամոն Հարաժել

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց ախոյեանութեան 16-րդ հանգրուանին գծով այսօր ՀՄԸՄ երեկոյեան ժամը 18:00-ին պիտի հիւրընկալէ Թատամոն Հարաժելը: ՀՄԸՄ, որ 15-րդ հանգրուանի իր մրցումը պիտի կատարէ 9 փետրուարին` նկատի ունենալով, որ Պէյրութ Ֆըրսթ խումբը այժմ կը գտնուի Տուպայ, ամէն գնով այս մրցումին պէտք է յաղթէ` գրաւելու համար 3-րդ դիրքը, Սանթրալի եւ Անթունիէի նման 9 յաղթանակներ ունենալով: Թատամոն … Read more

«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր Վերջ Կը Գտնէ Առաջին Հանգրուանը

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցաշարքը այսօր գիշեր կը հասնի առաջին հանգրուանի իր աւարտին, ուր տեղի կ՛ունենան 8-րդ եւ վերջին շաբթուան 18 մրցումները, նոյն ժամուն (ժամը 22:00-ին): Միակ խումբերը, որոնք ուղղակիօրէն պիտի հասնին 1/8-րդ հանգրուան, առաջին 8 դիրքերը գրաւող խումբերը պիտի ըլլան: Մինչեւ օրս Արսենալ եւ Պայերն Միւնիխ արդէն իսկ ապահոված են 1/8-րդ հանգրուանի … Read more

«Էն. Պի. Էյ.» Տոնչիչ Փայլեցաւ Եւ Լէյքըրզ Յաղթեց Պուլզին` 129-118 Արդիւնքով

Լուքա Տոնչիչ 46 կէտ նշանակեց, 11 էսիսթ կատարեց եւ ձեռք ձգեց 7 ռիպաունտ` օգնելով, որ Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 129-118 արդիւնքով յաղթէ Շիքակօ Պուլզին` այս վերջինիս դաշտին վրայ: Լըպրոն Ճէյմս իր 24 կէտերուն 20-ը նշանակեց առաջին կիսախաղին, ուր Լէյքըրզ բարելաւեց (3-1) իր արդիւնքները օտար դաշտերու վրայ: Ռուի Հաշիմուրա 23 կէտ աւելցուց ի նպաստ Լէյքըրզին, որ իր … Read more

Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Անդրանիկ

Այսօր ժամը 20:30-ին Մըզհերի «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց պասքեթպոլի խումբը ախոյեանութեան իր 5-րդ մրցումը պիտի կատարէ Անդրանիկի դէմ: Անդրանիկ երկու մրցում կատարած է պարտուելով Ռիատիէն (82-52) եւ յաղթելով Մթայլեպին (77-72), մինչ Լիբանանի 18 տարեկանէն վար ազգային խումբը, որ սկզբունքով պիտի մասնակցէր Չեմփսի փոխարէն, չմասնակցեցաւ, իսկ Պէյրութ Ֆըրսթ … Read more

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Յաղթեց Ազուրի Դաշտին Վրայ (81-84)

Շաբաթ օր ՀՄԸՄ Անթիլիաս իր առաջին լուրջ մրցումը կատարեց այս տարեշրջանին եւ կրցաւ 84-81 արդիւնքով յաղթել Անթունիէի դաշտին վրայ` Ազուրի դէմ մրցումին: Ազուրի հետ առաջին անգամ ըլլալով ելոյթ ունեցաւ ամերիկացի Սապրինա Հէյնզ, բայց պէտք է ըսել, որ Էլիսա Կրիսեթ ինք էր մրցումին աստղը` նշանակելով 25 կէտ եւ ձեռք ձգելով 8 ռիպաունտ: ՀՄԸՄ Անթիլիաս շատ լաւ … Read more

Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Յաղթեց Մաշղարայի Մէջ (2-1)

Շաբաթ օր ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի ֆութպոլի խումբը Գ. դասակարգի 7-րդ հանգրուանի (երթի վերջին) իր մրցումին շատ կարեւոր 3 կէտեր ձեռք ձգեց Մաշղարայի մէջ Հորր Ամելի խումբին դէմ տեղի ունեցած մրցումին: Ճիշդ է, որ մրցումը մրցակից խումբին դէմ էր, բայց դժբախտաբար ֆութպոլէ անկախ ամէն ինչի կը նմանէր: Կլիմայի աննպաստ պայմաններուն ներքեւ դաշտը վերածուած էր լճակներու, բայց … Read more

Եուրօ Ֆութսալ. Հայաստան Շարունակեց Իր Պատմական Արդիւնքները Եւ Հասաւ Քառորդ Աւարտական

Հայաստանի ֆութսալի ազգային խումբը երէկ 5-4 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Չեխիան, Եուրօ 2026-ի իր 2-րդ մրցումին, շարունակելով իր պատմական յաջողութիւնը եւ միաժամանակ ապահովելով քառորդ աւարտականի իր տոմսը: Մրցումը արագ սկսաւ, եւ Չեխիա 2-րդ վայրկեանին կոլ նշանակեց: Հայաստան անմիջապէս փոխադարձեց Վլատիմիր Սանոսեանի շնորհիւ եւ 7-րդ վայրկեանին կոլ մը եւս աւելցուց Նիքիթա Խրոմիխի շնորհիւ: Կիսախաղ չեղած արդիւնքը 3-1 … Read more

Ըմբշամարտ. Հայկ Մնացականեան` Պուլկարիոյ Ախոյեան

Հայ ըմբիշ Հայկ Մնացականեան յաջորդական երկրորդ տարին ըլլալով դարձաւ Պուլկարիոյ 82 քկ կշիռի կարգի յունահռոմէական ըմբշամարտի ախոյեան: Աւարտականին Մնացականեան 9-1 արդիւնքով համոզիչ յաղթանակ արձանագրեց Սվեթոսլաւ Նիքոլովի դէմ: Այս կշիռի կարգին մէջ 26 ըմբիշներ մասնակցեցան, ուր Հայկ իր 5 մենամարտերէն 4-ը ժամանակէն առաջ աւարտեց` ցուցադրելով բարձր մակարդակ եւ գերազանց ուժ իր մրցակիցներուն նկատմամբ: Նշենք, որ այս … Read more

Բռնցքամարտ. Ազատ Յովհաննիսեան Առաջին Անգամ Ըլլալով Պարտութեան Մատնեց Մետեթը

Ազատ Յովհաննիսեան անակնկալի բերաւ բռնցքամարտի աշխարհը` կէտերով պարտութեան մատնելէ ետք անյաղթ Այտոս Մետեթը, Քալիֆորնիոյ մէջ: Հայ մարզիկը 77-75, 78-74 եւ 79-73 արդիւնքով հաստատ յաղթանակ արձանագրեց: Կլենտէյլ բնակող Յովհաննիսեան մենամարտի սկիզբէն ճնշեց Ղազախստանի 24 տարեկան մարզիկ Մետեթի վրայ, որ փետուրի կշիռի գծով իր նախկին 14 մրցումներուն ալ յաղթած էր: 37 տարեկան Յովհաննիսեան փոխարինած էր Մետեթի նախնական … Read more