«Ֆորմիւլա 1». Վերշթափըն Շահեցաւ Ապու Տապիի Կրան Փրին, Բայց Նորիս Աշխարհի Ախոյեան Դարձաւ

Երէկ Ապու Տապիի կրան փրին Գ. դիրքի վրայ աւարտելէ ետք «Մաքլարեն»-ի բրիտանացի վարորդ Լանտօ Նորիս դարձաւ աշխարհի ախոյեան: Վերջին 4 տարիներու ախոյեան Մաքս Վերշթափըն մրցումի սկիզբէն մինչեւ վերջ մնաց առաջին դիրքի վրայ, բայց ատիկա բաւարար չէր, որ դառնայ ախոյեան, որովհետեւ Նորիս պէտք է աւարտէր 4-րդ դիրքի վրայ կամ աւելի վար, որպէսզի ախոյեան դառնար: Նորիսի խմբակից … Read more

«Մարզիչը Կապ Չունի Հետս… Կ՛ըսէ Սալահ

Շաբաթ գիշեր Լիվըրփուլ «Էլընտ Ռոտ»-ի մէջ 2 վայրկեանի ընթացքին 2 կոլ նշանակեց, բայց 22 վայրկեան ետք 2 կոլ ստացաւ Լիծէն: 80-րդ վայրկեանին Տոմինիք Սոպոսլայ կոլ մը նշանակեց ի նպաստ Լիվըրփուլի, եւ կը կարծուէր, թէ «կարմիրները» պիտի յաղթէին, բայց Լիծ կրցաւ կարեւոր կէտ «խլել» Լիվըրփուլէն` շնորհիւ ճափոնցի Աօ Թանաքայի 96-րդ վայրկեանի կոլին: Լիվըրփուլի վերջին տարիներու եգիպտացի … Read more

Պայրագտարեան Տոհա Այցելեց – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան 1 դեկտեմբերին այցելեց Տոհա` ընդառաջելով իր քաթարցի պաշտօնակից շէյխ Համատ Պըն Խալիֆա Պըն Համատ Ալ Թանիի Քաթարի իշխանի հովանաւորութեամբ 2025 թուականի ֆութպոլի Արաբներու բաժակի բացման հանդիսութեան ներկայ գտնուելու հրաւէրին: Նախարար Պայրագտարեան շնորհաւորեց Քաթարը Արաբներու բաժակի հոյակապ սկզբնաւորութեան եւ բացման բարձրորակ հանդիսութեան համար: Ան ըսաւ, որ Տոհայի համար նորութիւն … Read more

«Եու. Էֆ. Սի.» Անհասկնալի Իրավիճակ…

Վերջերս «Եու. Էֆ. Սի.»-ի նախկին թէ ներկայ մարզիկներ, փորձառու լրագրողներ եւ անձնաւորութիւններ խօսեցան «Եու. Էֆ. Սի.»-ի նախագահ Տանա Ուայթի զարմանալի որոշումին մասին, ուր 25 յունուար 2026-ին որոշեց կայացնել Ճասթըն Կէյճի եւ Փետի Փիմպլեթի մրցումը` ճշդելու համար Իլիա Թոփուրիայի դէմ գօտիի կամ տիտղոսի մրցումը: «Եու. Էֆ. Սի.»-ի նախկին մարտիկ եւ մրցանշակիր Մեթ Պրաուն քննադատած էր այս … Read more

«Ֆորմիւլա 1». Վաղը Աշխարհի Ախոյեանը` Ապու Տապիի Կրան Փրիի Աւարտին

Վաղը տեղի կ՛ունենայ 2025-ի «Ֆորմիւլա 1»-ի վերջին կրան փրին Ապու Տապիի մէջ, անոր աւարտին պիտի վճռուի այս տարուան ախոյեանը: Առաջին դիրքը գրաւող բրիտանացի Լանտս Նորիս 12 կէտի առաւելութիւն ունի վերջին 4 տարիներու աշխարհի ախոյեան Մաքս Վերշթափընի վրայ, որ Միքայէլ Շումախըրէն ետք առաջին վարորդը կրնայ ըլլալ, որ շահի 5 յաջորդական տիտղոսներ: 24-րդ կրան փրիին կա՛մ աշխարհի … Read more

Էմ. Էլ. Էս. «Երազային Աւարտական»` Ինթեր Մայեմի – Վանքուվըր Ուայթքեփս

Միացեալ Նահանգներու ֆութպոլի տարեշրջանի աւարտական մրցումին, այսօր «երազային աւարտական» մրցումին Թոմաս Միւլըր պիտի մրցի Լիոնել Մեսսիի դէմ: Պայերն Միւնիխի նախկին աստղ Միւլըր կատակելով հարցուց, թէ «ինչքա՞ն համեմատութիւն ունինք յաղթելու… 10 կամ 20 տոկո՞ս, այսինքն` յոյս ունինք յաղթելու», ըսաւ ան: «Այս վայրկեանիս ամէնէն կարեւոր բանը կեանքիս մէջ աւարտական մրցումն է», աւելցուց Միւլըր: 36 տարեկան Միւլըր 11 … Read more

Բռնցքամարտ. Բաչկով Պիտի Մասնակցի Աշխարհի Ախոյեանութեան

Հայաստանի ողիմպիական մրցանակակիր Յովհաննէս Բաչկով կը մասնակցի «Այ. Պի. Էյ. 2025» բռնցքամարտի աշխարհի ախոյեանութեան, որ տեղի կ՛ունենայ Տուպայի մէջ: Հայաստանի հաւաքականի լաւագոյն մենամարտիկներէն մին ռինկ պիտի մտնէ 67 քկ կշիռի կարգէն` փոխարինելով Արմէն Մաշքարեանը: 33 տարեկան բռնցքամարտիկը աշխարհի ախոյեանութեան քառակի պրոնզէ մետալակիր է եւ կը փորձէ առաջին անգամ ըլլալով նուաճել աշխարհի ախոյեանի տիտղոսը: Աւելի կանուխ … Read more

Ստիոպա Մկրտչեան` Լաւագոյն 100 Մարզիկներու Կարգին

Հայաստանի ազգային խումբի եւ Խրուաթիոյ Օսիեք ակումբի 22 տարեկան յետսապահ Ստիոպա Մկրտչեան նկատի առնուած է լաւագոյն 100 մարզիկներու շարքին` 23 տարեկանէն վար ֆութպոլիստներուն մէջ: Միջազգային հետազօտութեան կեդրոնը, համագործակցութեամբ «Իմփեքթ» վերլուծական հարթակին, ուսումնասիրած է աշխարհի 52 լիկաները եւ մինչեւ 23 տարեկան ֆութպոլիստներու տուեալները` Մկրտչեանը նկատի առնելով լաւագոյն 100-ին մէջ: Հակառակ Օսիեքի ձախող տարեշրջանին, ուր ակումբը կը … Read more

Նիս Ֆութպոլի Ակումբը Եւ Անոր Հարցերը

Ֆրանսայի «Լիկ-1»-ի ակումբներէն Նիսը լուրջ հարցերու մէջ կը գտնուի իր անձնական համակիրներուն հետ տեղի ունեցած միջադէպէն ետք: Միջադէպը տեղի ունեցած էր կիրակի գիշեր, «Լիկ 1»-ի գծով 14-րդ հանգրուանի Լորիանի դէմ մրցումին 3-1 արդիւնքով պարտութենէն ետք: Ակումբի կեդրոնին մօտ հաւաքուած էին մօտ 400 համակիրներ` դժգոհ ակումբի վերջին 6 մրցումներուն կրած պարտութիւններէն: Անոնք պահանջած էին զրուցել մարզիկներուն … Read more

«Էն. Պի. Էյ.» Ճամալ Մարէյի 52 Կէտերը Եւ Եաննիսի Վիրաւորուիլը…

Երէկ «Էն. Պի. Էյ.»-ի գլխաւոր լուրերն էին Տենվըր Նակեթցի կարտ Ճամալ Մարէյի 52 կէտերը, մանաւանդ որ անոր մասնակցութիւնը մրցումէն քանի մը ժամ առաջ «կասկածելի» կը նկատուէր, թեթեւօրէն վիրաւոր ըլլալուն պատճառով: Ան այս տարեշրջանի իր առաւելագոյն կէտերը նշանակեց (52 կէտ)` յաջողցնելով իր 25 հարուածներէն 19-ն, որոնց կարգին 10 յաջող 3 կէտնոց կողովներ` 11 փորձերէն: Տենվըր Նակեթց … Read more