Երէկ «Էն. Պի. Էյ.»-ի գլխաւոր լուրերն էին Տենվըր Նակեթցի կարտ Ճամալ Մարէյի 52 կէտերը, մանաւանդ որ անոր մասնակցութիւնը մրցումէն քանի մը ժամ առաջ «կասկածելի» կը նկատուէր, թեթեւօրէն վիրաւոր ըլլալուն պատճառով:
Ան այս տարեշրջանի իր առաւելագոյն կէտերը նշանակեց (52 կէտ)` յաջողցնելով իր 25 հարուածներէն 19-ն, որոնց կարգին 10 յաջող 3 կէտնոց կողովներ` 11 փորձերէն:
Տենվըր Նակեթց 135-120 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Արեւելեան շրջանի անցեալ տարուան ախոյեան Ինտիանա Փէյսըրզը:
Յոյն աստղ Եաննիս Անթեթոքումփօ հազիւ 3 վայրկեան խաղցած ծունկը վիրաւորեց, եւ կասկածներ կան, որ անոր ծունկի ետեւի մկանի կապերը վիրաւորած է:
Քեւին Փորթըր 26 կէտ նշանակեց, մինչ Ռայըն Ռոլինզ 22 կէտ աւելցուց 8 էսիսթներու կողքին: Էյ. Ճէյ. Կրին 19 կէտ նշանակեց ի նպաստ Միլուոքիի, որ 113-109 արդիւնքով յաղթեց Տիթրոյիթ Փիսթընզին: Քէյտ Քանինկհամ 17 կէտ նշանակեց ի նպաստ Տիթրոյիթի, որ կրեց իր 5-րդ պարտութիւնը 22 մրցումներու ընթացքին:
Ստորեւ` արդիւնքները.
Քլիվլենտ Քեվելիրզ – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ 110-122
Ինտիանա Փէյսըրզ – Տենվըր Նակեթց 120-135
Օրլանտօ Մեճիք – Սան Անթոնիօ Սփըրզ 112-114
Աթլանթա Հոքս – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ 92-115
Նիւ Եորք Նիքս – Չարլոթ Հորնեթց 119-104
Շիքակօ Պուլզ – Պրուքլին Նեթց 103-113
Հիուսթըն Ռոքեթց – Սաքրամենթօ Քինկզ 121-95
Միլուոքի Պաքս – Տիթրոյիթ Փիսթընզ 113-109
Տալաս Մեւրիքս – Մայեմի Հիթ 118-108