Հայկազեան hամալսարանի 70-ամեայ համասփիւռքեան դերն ու ժառանգութիւնը՝ դասախօսութիւն Կլէնտէյլի մէջ
ԿԼԷՆՏԷՅԼ, ԳԱԼԻՖՈՐՆԻԱ — Հայկազեան Համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնը, գործակցաբար Գալիֆորնիոյ Պետական Համալսարանի Նորթրիճի (CSUN) Հայագիտական Ծրագրին հետ, կազմակերպեց յատուկ հանրային դասախօսութիւն մը՝ նուիրուած Հայկազեան Համալսարանի հիմնադրութեան 70-ամեակին։ Միջոցառումը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, Յունուար 20, 2026-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Կլենտէյլի Հանրային Գրադարանին մէջ, գլխաւոր դասախօսութեամբ Հայկազեան Համալսարանի նախագահ՝ Վերապատուելի Դոկտ. Փօլ Հայտոսթեանի։ Ծրագիրը համախմբեց շրջանաւարտներ, գիտաշխատողներ, … Read more