Բարեկարգում մը, որ կը մերժէ ժառանգուած հիմքերը`առանց զանոնք փոխարինելու կշիռ ունեցող այլընտրանքներով, կ՛առաջնորդէ գաղափարական անորոշութեան. «Հորիզոն»

«Յեղափոխութեան» սուտ շղարշին տակ իրականացուած իշխանափոխութիւնը ծնունդ տուաւ մեծ ակնկալութիւններու` թափանցիկութեան, բարեկարգման եւ կառավարման արդիականացման: Թէեւ այս ձգտումները լայն ժողովրդականութիւն վայելեցին օրին, սակայն իշխանութեան որդեգրած մօտեցումները առաջին իսկ օրերէն ստեղծեցին խորքային գաղափարական ընդհանրացումներու խզում: Նախկին համակարգերուն շրջանցումի փորձին մէջ, իշխանութիւնը սկսաւ ձեւակերպել հայ ինքնութեան եւ պետականութեան ձեւակերպում մը, որ կը հակադրուէր երկար տարիներու ազգային պատմագրութեան … Read more