Լիբանանի Նահատակներուն Անժամանցելի Պատգամը – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Լիբանան նկատուած է ազատութեան եւ համայնքներու համակեցութեան հայրենիք: Լիբանանցի ժողովուրդը իր դարաւոր պատմութեան ընթացքին  ճաշակած է օտար նուաճումներ ու տիրապետութիւններ, աւերածութիւններ ու զրկանքներ տեսած է, բայց միշտ պահած է իր ազատատենչ ոգին: Օսմանեան սուլթան Սելիմ Ա. 1516-ին, Հալէպի մօտ, Մարժտապէքի ճակատամարտին պարտութեան մատնեց Եգիպտոսի մեմլուքները, նուաճեց արաբական երկիրները եւ մտաւ Լիբանան: Այսպիսով Լիբանան դարեր շարունակ … Read more

Տեսակէտ. Ճանչնալով Հանդերձ – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

ԴՈԿՏ. ԱՐԹՈՒՐ ԱՆԴՐԱՆԻԿԵԱՆ Ճանչնալով հանդերձ սփիւռքը… ինքնավերապահութիւն մը, ներող կ՛ըլլաք,  թերեւս կ՛ուզեմ ճանչնալ, կը խորհիմ, որ սփիւռքը ներկայիս իրմէ դուրս կ՛ապրի… Կ՛ըսէք` ժամանակները փոխուած են ու մարդոց մտածումներն ալ այլեւս անաչա՞ռ չեն, նաեւ` առողջ. կը խուսափիմ ապառողջ բառէն, որ իրականութեան մը նկարագիրը ընդգծելէ զատ` հոգեբանութիւն կ՛արտաբերէ… Հիմա ես կը նմանիմ մէկու մը, որ կը փափաքի … Read more

Միջնադարեան Հայ Վանականին Աղերսը` Գայթակղութեան Ստուերներու Եւ Շնորհի Լոյսին Միջեւ

ԴՈԿՏ. ԱԲԷԼ ՔՀՆՅ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ Քրիստոս փառաւորեալ, Աւետարան, վայր` Սպահան, 1655 թ., Chester Beatty Library, Dublin, Nr. 578, 15v.: Խաչին տակ պատկերուած են գրիչն ու նուիրատուն` Տէր Գրիգոր եւ Տէր Հայրապետ անուններով: Իսկ մանրանկարի ստորին հատուածին մէջ կ՛ընթերցենք. «Խաչն տէրունական, որ Քրիստոս գայ ի դատաստան եւ փողք Գաբրիէլեանք հնչեն եւ մեռեալք յառնեն»: Քրիստոնէական հոգեւորութիւնը (spirituality) կը … Read more

Ակնարկ. Հայոց Ցեղասպանութեան Նշումը` Նորարար Միջոցներուն Հետ Քայլ Պահելով

ՆԵՐՍԷՍ ԱՊՐԻԼԵԱՆՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Ա. Շիրակեան» մասնաճիւղ Լիբանանի հայ համայնքը, որ կը նկատուի սփիւռքահայութեան բաբախող սիրտը եւ միեւնոյն ատեն Լիբանանի գլխաւոր եօթը համայնքներէն մէկը, տարիներու ընթացքին ծանօթ է Հայոց ցեղասպանութեան նշումներու իր եզակի եւ յատուկ օրինակներով: Իւրաքանչիւր տարուան ապրիլ ամսուան ընթացքին ամբողջ աշխարհի հայերը եւ նոյնիսկ Լիբանանի ժողովուրդը իրենց հայեացքը կ՛ուղղեն Լիբանանի հայ համայնքին` տեղեկանալու համար, … Read more

Վերադարձի Վերաիմաստաւորումը. Մտորումներ՝ 2026-ի Լոս Անճելըսի «Սփիւռք» Խորհրդաժողովէն

ՐԱՖՖԻ ԱՐՏԱԼՃԵԱՆ Իրենց վերջին յօդուածներուն մէջ, ընկերներս՝ Խաժակ Մկրտիչեան («Սփիւռքի տեսլական Եւ օրակարգ») եւ Յակոբ Պալեան («Սփիւռքի անելիքը Եւ Կարողականութիւնը»), հայկական սփիւռքը կը նկարագրեն իբրեւ երկու լայն խմբաւորումներէ բաղկացած հաւաքականութիւն մը՝ «հայրենազրկուածներ» (կամ հայրենահանուածներ) եւ «հայրենալքողներ»: Թէեւ երկու եզրերն ալ կ’ակնարկեն հայրենիքէն բաժանման ձեւերու, սակայն անոնք կը մատնանշեն պատմական տարբեր գործընթացներ: Առաջինը կը վերաբերի Հայոց … Read more

Կիպրոսի խորհրդարանի անդամ Վարդգէս Մահտեսեանի ուղերձը. Թեկնածութիւն Յառաջիկայ Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն

Սիրելի Գաղութի Անդամներ, Վերջին քսան տարիներուն պատիւը ունեցայ անկողմնակալ, արդար եւ արդիւնաւէտ գործունէութեամբ իմ ծառայութիւնս մատուցանելու Կիպրահայ գաղութին, իբրեւ Հայ Համայնքի Պետական Ներկայացուցիչ Կիպրոսի Խորհրդարանէն ներս։ Այժմ, առաջնորդուելով ժողովրդական փափաքէն եւ քաջալերանքէն առանձնաշնորհումը կը զգամ անգամ մը եւս ներկայացնելու թեկնածութիւնս Մայիս ամսուան մէջ կայանալիք ընտրութիւններուն՝ յառաջիկայ հինգ տարիներուն համար: Ընտրուելու պարագային կը խոստանամ նոյն թափով … Read more

Հայ Դատի 60-Ամեակ – Բացառիկ Հատորի Մը Հրատարակութեան Առիթով

2026-ին յատկանշականօրէն կը բոլորուի 60-ամեայ փուլը Յունաստանի մէջ Հայ դատի հետապնդման աշխատանքներուն: Վեց տասնամեակներու վրայ երկարող պահանջատիրական պայքարի բազմաշերտ գործունէութիւն մը, որ իր քաղաքական, իրաւական եւ ցուցական երեսներով համախմբեց բովանդակ յունահայութիւնը մեր ազգային անժամանցելի իրաւունքներու ձեռքբերման նուաճումներուն շուրջ: Նշանակալից այս անկիւնադարձը կարելի չէ տեսնել իբրեւ սոսկ յոբելենական փուլ, այլ` իբրեւ յունահայ գաղութի քաղաքական հասունացման եւ … Read more

Ցեղասպանութեան Յիշողութիւնը Ենթակայ Չէ՛ Ուրացման, Իսկ Միջազգայնացումը` Սակարկման

Հայոց ցեղասպանութեան զոհերի ոգեկոչման 111-րդ տարելիցն է: Թւում է, թէ տարեթուերը մեզ հեռացնում են մարդկութեան դէմ իրագործուած այդ զազրելի յանցագործութեան հետեւանքներից, սակայն մեր պատմութեան վերջին զարգացումները` Արցախի բռնգրաւումը եւ հայաթափումը, աւելորդ անգամ եւս փաստում են, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը ոչ թէ ժամանակի եւ տարածութեան մէջ իրականացուած եւ աւարտուած ոճիր էր, այլ շարունակական յանցագործութիւն, որ միտուած է … Read more

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Հայաստան եւ Լիբանան

ՀՐԱՅՐ ՆԱՀԱՊԵՏԵԱՆ Ապագայի անունով մոռացութիւն, կամ՝ յիշողութեան գնով գնուած պետութիւն Լիբանանը մեզի արդէն տուած է դաժան դաս մը։ Ան իր քաղաքացիական պատերազմը չբուժեց, այլ՝ թաղեց։ 1991-ի համաներումի օրէնքով քաղաքական ոճիրները փակուեցան, իսկ պատերազմի պատմութիւնը երկար ժամանակ դուրս մնաց հանրային ճշմարտութեան ամբողջական հոլովոյթէն եւ նոյնիսկ դպրոցական յիշողութենէն։ Այսօր, յիսուն տարի ետք, նոյն Լիբանանը տակաւին կը կրէ … Read more

Հպանցիկ Խորհրդածութիւն` Ապրիլ 24-ի Տարելիցին Առիթով

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ Շատ դժուար է իմ սերունդիս համար, որ առանց վրէժխնդրական զգացումի` հանդարտ խորհրդածէ տարելիցի մը մասին, որ  յիշողութեան կը բերէ ամբողջ ազգի մը վրայ գործադրուած ահաւոր եղեռնագործութիւնը եւ հայրենահանութիւնը` ծրագրով մը, որ կը միտէր ոչնչացնել հայ ազգը: Ցեղասպանն էր, որ յայտարարած էր, թէ յիսուն տարի ետք նոյնիսկ թանգարաններու մէջ պիտի չգտնուի հայ բառը… Այս … Read more