Լիբանանի Նահատակներուն Անժամանցելի Պատգամը – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Լիբանան նկատուած է ազատութեան եւ համայնքներու համակեցութեան հայրենիք:

Լիբանանցի ժողովուրդը իր դարաւոր պատմութեան ընթացքին  ճաշակած է օտար նուաճումներ ու տիրապետութիւններ, աւերածութիւններ ու զրկանքներ տեսած է, բայց միշտ պահած է իր ազատատենչ ոգին:

Օսմանեան սուլթան Սելիմ Ա. 1516-ին, Հալէպի մօտ, Մարժտապէքի ճակատամարտին պարտութեան մատնեց Եգիպտոսի մեմլուքները, նուաճեց արաբական երկիրները եւ մտաւ Լիբանան:

Այսպիսով Լիբանան դարեր շարունակ օսմանեան տիրապետութեան տակ մնաց, բայց յաջողեցաւ պահպանել իր ինքնուրոյն գոյավիճակը:

Տիւրզի Մաան ընտանիքէն  էմիր Ֆախրէտտին Ա.  1516-ին Լեռնալիբանանի իշխանութիւնը հաստատեց` իբրեւ կեդրոն ունենալով Պաաքլինը:

Լեռնալիբանանի իշխանութիւնը արդի Լիբանանի հիմնաքարը եղաւ:

Էմիր Ֆախրէտտին Բ. Մաան (1591-1635) ընդարձակեց իշխանութեան սահմանները եւ մայրաքաղաքը Տէյր Գամար փոխադրեց:

Մաաններուն իշխանութիւնը 1697-ին անշքացաւ, եւ տիւրզի Շեհապ ընտանիքը Լեռնալիբանանի վրայ իշխանութիւն հաստատեց:

Էմիր Պեշիր Բ. Շեհապ (1789-1840) մայրաքաղաքը Պէյթէտտին փոխադրեց եւ իսլամ ու քրիստոնեայ գոյակցութիւն ու հանդուրժողութիւն հաստատեց:

Օսմանեան դարաւոր տիրապետութեան ընթացքին, միայն Լեռնալիբանան եւ Եմէն մինչեւ վերջ արեան գնով պայքարեցան թրքական գրաւման դէմ ու յաջողեցան իրենց ինքնուրոյն գոյավիճակը պահպանել:

Շեհապներու իշխանութիւնը 1842-ին անշքացաւ: Համայնքային հակադրութիւնները հետզհետէ սրեցան տիւրզիներուն եւ մարոնիներուն միջեւ, եւ 1860-ի ջարդերուն 22 հազար մարոնիներ զոհուեցան:

Օսմանեան կառավարութիւնը 1861-ին Լեռնալիբանանի մութասարիֆութիւնը հաստատեց` իբրեւ կեդրոն ունենալով Տէյր Գամարը: Մութասարիֆը օսմանեան քաղաքացի քրիստոնեայ պէտք է ըլլար:

* * *

Օսմանեան տիրապետութեան դէմ արաբ ազգայնական շարժումը ծագում առաւ Լիբանանէն եւ տարածուեցաւ դէպի Սուրիա ու Եգիպտոս: Մամուլն ու կրթական-մշակութային նպաստաւոր պայմաններ մեծապէս զարկ տուին արաբ ազգայնական շարժման ծաւալման:

Առաջին Համաշխարհային պատերազմի բռնկումէն ետք` 1914-ին, լիբանանցի ժողովուրդը ծառացաւ օսմանեան տիրապետութեան դէմ:

Նոյն ժամանակ դաշնակիցները ծովային շրջափակում սահմանեցին Միջերկրականի արեւելեան ափերուն: Իրենց կարգին, թուրքեր շրջափակեցին Լեռնալիբանանը եւ պարէնային պաշարները բռնագրաւելով զօրքերուն տրամադրեցին: Ծայր առաւ նաեւ մարախի համաճարակը: Սկսաւ ահաւոր սով մը, որուն զոհ գնաց շուրջ 200 հազար հոգի:

* * *

Արաբ ազգայնական շարժման թուրքը պատասխանեց իր ոճով` կախաղաններով:

Ճեմալ փաշայի հրամանով, 6 մայիս 1916-ին Դամասկոսի մէջ կախաղան բարձրացան Շաֆիք Ազմ, Ապտէլ Համիտ Զահրաուի, Ռուշտի Շամաա, Օմար Ճազայիրի, Շուքրի Ասալի, Սալիմ Ահմէտ Ապտէլ Հատի եւ Ռաֆիք Սալլում:

Նոյն օրը Պէյրութի մէջ կախաղան բարձրացան էմիր Արէֆ Շեհապ, հայր Ժոզէֆ Հայէք, Ապտէլ Քարիմ Խալիլ, Ապտէլ Ուահապ Ընկլիզի, Սալէհ Հայտար, Ժոզէֆ Պշարա Հանի, Մոհամէտ Մահմասանի, Մահմուտ Մահմասանի, Օմար Ալի Նաշաշիպի, Օմար Համատ, Թաուֆիք Պսաթ, Ֆիլիփ Խազէն, Ֆարիտ Խազէն, շէյխ Ահմէտ Թապպարա, Փետրօ Փաուլի, Ապտէլ Ղանի Արայսի, Մոհամէտ Շանթի, Ճըրճի Հատտատ, Սէյֆէտտին Խաթիպ, Սայիտ Ֆատըլ Աքլ եւ Մահմուտ Պուխարի:

* * *

Պատերազմի աւարտին` 1918 հոկտեմբերին, թրքական պարտուած բանակները քաշուեցան Սուրիայէն, Լիբանանէն եւ արաբական բոլոր հողերէն:

Անգլիոյ եւ Ֆրանսայի միջեւ 1916-ին գոյացած Սայքս-Փիքօ համաձայնութեան հիմամբ Սուրիան եւ Լիբանանը ֆրանսական հոգատարութեան տակ մտան:

Սուրիոյ Ազգային քոնկրեսը 1920-ին Դամասկոսի մէջ Սուրիոյ եւ Լիբանանի անկախութիւնը հռչակեց: Լիբանանի քրիստոնեաները, անկախ Լիբանանի տեսլականով, Պաապտայի մէջ 22 մարտ 1920-ին անկախութեան որոշում տուին:

Լեռնալիբանանի մարոնիները, Իլիաս Հոայէք պատրիարքի ղեկավարութեամբ, դիմեցին Ֆրանսայի` Լիբանանի սահմանները ընդարձակելու եւ զայն  քրիստոնեայ պետութեան վերածելու առաջադրանքով:

Ֆրանսական հոգատարութեան բարձրագոյն կոմիսար զօրավար Հենրի Կուրօ 1 սեպտեմբեր 1920-ին յայտարարեց Մեծն Լիբանանի կազմաւորումը: 1926-ին, երբ ընդունուեցաւ առաջին սահմանադրութիւնը, երկիրը պաշտօնապէս անուանուեցաւ Լիբանանի Հանրապետութիւն:

* * *

Դարաւոր պայքարով եւ նահատակներու արեամբ գծուած լիբանանցի ժողովուրդին յանուն անկախութեան երկարատեւ պայքարը ի վերջոյ յաջողութեամբ պսակուեցաւ: Քրիստոնեայ ու իսլամ համայնքներու ներկայացուցիչները մերժեցին ֆրանսական կառավարութեան առաջադրած ձեւական անկախութիւնը եւ ամբողջական անկախութիւն պահանջեցին:

Պշարա Խուրիի նախագահ ընտրուելէն ետք` 1943-ին, Ռաշիտ Սոլհի վարչապետութեամբ կազմուած կառավարութիւնը  սահմանադրութենէն ջնջեց ֆրանսական հոգատարութեան ակնարկող յօդուածները: Մշակուեցաւ իսլամ եւ քրիստոնեայ համայնքներուն միջեւ համակեցութիւնը ապահովող Ազգային ուխտը: Լիբանան 22 նոյեմբեր 1943-ին դարձաւ անկախ պետութիւն:

 * * *.

«Ազդակ» միշտ յատուկ կարեւորութեամբ անդրադարձած է մայիս 6-ի նահատակներու անժամանցելի պատգամին:

«Ազդակ» 6 մայիս 1965-ի խմբագրականով կը գրէր.

Յարգա՛նք
Լիբանանի Նահատակներուն

Հերոսներու պաշտամունքը մաս կը կազմէ ժողովուրդներու կեանքին, մանաւանդ, երբ անոնք պայքարած ու նահատակուած են յանուն այն վսեմ իտէալներուն, որոնց դրօշակիրը կը  հանդիսանան այդ ժողովուրդները, սերունդէ սերունդ:

Լիբանան – պետութիւն եւ ժողովուրդ – այսօր կը յիշէ իր նահատակները, որոնք այս երկրի ազատութեան եւ անկախութեան երազով կախաղան բարձրացան Պուրճի հրապարակին վրայ, Օսմանեան կայսրութեան «փոխարքայ» Ճեմալ փաշայի հրահանգով:

Առաջին Աշխարհամարտին, Լիբանան ահ ու սարսափի օրեր ապրեցաւ: Թրքական բռնակալութիւնը, որ չէր կրցած ընկճել լեռնական ժողովուրդին ազատատենչ ոգին, այս անգամ փորձեց սովի մատնել զայն` քաջալերուած պատերազմի շրջանի անորոշութենէն:

Ճեմալ փաշան, որ այդ օրերուն տէրն ու տիրականն էր այս շրջաններուն, ձերբակալել տուաւ բազմաթիւ մտաւորականներ եւ զանոնք յանձնեց Ալէյի պատերազմական ատեանին: Անոնք արիաբար կանգնեցան իրենց դատաւորներուն առջեւ եւ բարձրաճակատ յայտարարեցին իրենց մտածումներն եւ գաղափարները` շատ լաւ գիտնալով, թէ մահը կը սպասէր իրենց:

Օսմանեան բռնակալութիւնը խտիր չդրաւ իսլամի ու քրիստոնեայի միջեւ, ու իսլամ ղեկավարներու կողքին, քրիստոնեայ երեւելիներ կախաղան հանուեցան` մահուան մէջ կնքելով եղբայրութիւն մը, որ այս երկրի կեանքին հիմը կը կազմէ:

Մայիս 6-ը լիբանանցի այդ ազնուական նահատակներուն յիշատակի օրն է, որ պաշտօնապէս կ՛ոգեկոչուի լիբանանեան պետութեան կողմէ, անկախութեան առաջին տարիներէն ի վեր: Լիբանանցի ժողովուրդը, առանց համայնքային խտրութեան, այսօր պիտի ապրի իր նահատակներուն յիշատակով, անգամ մը եւս նորոգելով իր ուխտը` անխախտ պահելու անոնց իտէալը:

Առաջին պատերազմի օրերուն, Լիբանանի ժողովուրդին դէմ թրքական բռնակալութեան հալածանքները մաս կը կազմէին օսմանեան պետութեան վարիչներու ընդհանուր ծրագիրին, որուն նպատակն էր լայնածաւալ կայսրութեան սահմաններուն մէջ մէկ անգամ ընդմիշտ փակել հպատակ, բայց աննուաճ ժողովուրդներու հարցը:

Այդ օրերուն էր դարձեալ, որ հայ եւ արաբ ժողովուրդները եղբայրացան արեան կապերով, իբրեւ ճակատագրակից, նոյն անագորոյն թշնամիին ենթակայ:

Իբրեւ օրինապահ քաղաքացիները այս ազատ երկրին, որ հանրային կեանքի ամէն հնարաւորութիւն ընծայեց իր հայ զաւակներուն, հայութիւնը ամէնէն աւելի կը զգայ այն` որ այս պահուս կը փոթորկի իւրաքանչիւր լիբանանցիի մէջ, իբրեւ ուխտապահները անյողդողդ հայրենասէրներու:

Պուրճի հրապարակին Նահատակաց յուշարձանը ոչ միայն խորհրդանիշն է այն նահատակութեան, որուն ենթարկուեցաւ այս երկրի ընտրանին, այլ նաեւ կը հանդիսանայ քանդակը այն եղբայրական ոգիին, զոր նահատակները ներմուծեցին գալիք սերունդներուն:

Անոնց երազը իրականութիւն է այսօր: Լիբանան քսաներկու տարիէ ի վեր կը վայելէ բացարձակ անկախութեան մը բոլոր բարիքները: Աւելի՛ն. անիկա դարձած է վկայ-երկիր մը, զանազան ցեղերու եւ համայնքներու ներդաշնակ ամբողջութեան մը, որ կու տայ քաղաքական հասունութեան մը փաստը:

Այսօրուան հանդիսութեան, հայութիւնը, որ քանի մը օր առաջ տօնեց իր Մեծ Խաչելութեան յիսնամեակը, վեհաշուք հանդիսաւորութեամբ մը` չմոռնալով երախտագիտական իր անխառն զգացումները յայտնել արաբ ազնիւ ժողովուրդին, կը մասնակցի ամբողջականօրէն, իբրեւ սրտակից ու բախտակից:

Այդ նահատակները մեր նահատակներն են, ինկած են այս երկրին համար, որ այնքան լայնօրէն բացած է իր թեւերը իր բոլոր զաւակներուն առջեւ:

Յարգանքով կը խոնարհինք անոնց անուան յիշատակին առջեւ, այս երկրին ապագային հանդէպ նոյն հաւատքով:

* * *

Իսկ 6 մայիս 1977-ի «Ազդակ»-ի խմբագրականը կ՛ըսէր.

Որպէսզի Աւանդը Ներկային Մէջ Ապրի

Որքա՜ն դժբախտ պիտի ըլլային ժողովուրդները, եթէ չունենային իրենց սեփական աւանդները սրբագործող նահատակներ:

Տարբեր սերունդներու միջեւ ազգային նոյն պատկանելիութիւնը ինչպէ՞ս պիտի կարենար ներշնչումի մնայուն աղբիւր դառնալ, եթէ նահատակութեամբ նուիրագործուած կտակ մը չփոխանցէր գալիքին:

Եւ որքա՜ն անգոյն ու անբովանդակ պիտի մնար հայրենիք մը, եթէ իր զաւակներուն նահատակի արեամբ չկարենար շաղախել իր յաւիտենականութեան հիմերը:

Խորհուրդներու այս գումարով կը հաղորդուին այն բոլոր ժողովուրդները, որոնք տարին անգամ մը, օր մը, կանգ կ՛առնեն իրենց նահատակներու յիշատակին առջեւ:

Մայիս 6-ի ոգեկոչումը նման առիթ մըն է լիբանանեան հայրենիքին համար, որ այսօր պաշտօնապէս կը վերաբանայ Օսմանեան բռնատիրութեան զոհաբերած իր նահատակներուն կտակը:

Աւելորդ է ըսել, որ Լիբանանի պարագային, մանաւանդ վերջին երկու տարիներու փորձառութեան լոյսին տակ, Նահատակաց օրը չի կրնար պատմական արարքի մը թելադրականութեամբ սահմանափակուիլ: Յանուն հայրենիքի անկախութեան թափուած լիբանանցի նահատակներու անմեղ արիւնը միայն անցեալի ձայն մը չէ, որ կը շարունակէ արձագանգել այժմու եւ գալիք uերունդներու մտածումներուն մէջ: Հայրենասիրական ապրումի եւ նուիրումի աւանդական խորհուրդներէն անդին գացող, ապագայ Լիբանանի համար անփոխարինելի դասեր կտակող աւանդ մըն է 1916-ի նահատակներուն յիշատակը:

Պետական թէ ժողովրդային Լիբանանը այսօր անխուսափելիօրէն կանգ պիտի առնէ մայիս 6-ի այս նշանակութեան առջեւ: Հայրենիք մը, որ տակաւին ամիսներ առաջ վերածուած էր եղբայրասպան արիւնահեղութեան բաց դաշտի, չի կրնար անտարբեր գտնուիլ նահատակութեան իմաստը յստակացնելու եւ պայծառացնելու հրամայականին հանդէպ: Հայրենիքի անկախութեան համար նահատակուած մեծերուն աւանդին հաղորդակից` պէտք է տեսնել անհեթեթութիւնը ու վտանգը եղբայրասպան այն արիւնահեղութեան, որ 1975-ի մարտէն ետք իրարու դէմ հանեց նոյն հայրենիքին զաւակները, հազարաւորներու արիւն հոսեցուց եւ պարզապէս մահացու հարուած տուաւ հայրենիքի հիմերո՛ւն իսկ:

Մայիս 6-ի այսօրուան ոգեկոչումը ժողովուրդի մը ներկայացող այն պահերէն է, երբ` պատմական աւանդի մը տէր կանգնելով, քաղաքացիական տարակարծութեամբ երկփեղկուած հայրենիքի մը զաւակները կրնան վերանորոգել միասնականութեան իրենց ուխտն ու հաւատարմութիւնը: Պատմական մանրամասնութեանց դիմելու հարկ չկայ հաստատելու համար, որ մայիս 6-ի նահատակներով թափ առած մէկ ու անկախ Լիբանանի պատկերացումը կը շարունակէ իրագործելի աւանդ մը մնալ մահմետական թէ քրիստոնեայ, աջակողմեան թէ ձախակողմեան լիբանանցիներուն համար:

Առանց այս անդրադարձումին, լիբանանցին այսօր չի կրնար ապրեցնել իր նորագոյն պատմութեան նահատակ-կերտիչներուն հայրենասիրական աւանդը: Իսկ խեղճ են ու ներքին ուժականութենէ պարպուած այն բոլոր ժողովուրդները, որոնք չեն կրնար իրենց նահատակներուն մշտանորոգ շունչն ու խորհուրդը ապրեցնել ներկային մէջ: Քաղաքացիական իր վերջին անկումէն վերականգնող լիբանանցին չի կրնար անփոյթ գտնուիլ իր նահատակներուն հայրենասիրական կտակին հանդէպ, այլապէս` անցեալէն եկող աւանդը կը սպառի, կը պարպուի իր թելադրականութենէն եւ սերունդները իրարու հետ կապի մայր բազկերակէն կը զրկուին:

 

 

Leave a Comment