Տեսակէտ. Ճանչնալով Հանդերձ – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

ԴՈԿՏ. ԱՐԹՈՒՐ ԱՆԴՐԱՆԻԿԵԱՆ

Ճանչնալով հանդերձ սփիւռքը… ինքնավերապահութիւն մը, ներող կ՛ըլլաք,  թերեւս կ՛ուզեմ ճանչնալ, կը խորհիմ, որ սփիւռքը ներկայիս իրմէ դուրս կ՛ապրի…

Կ՛ըսէք` ժամանակները փոխուած են ու մարդոց մտածումներն ալ այլեւս անաչա՞ռ չեն, նաեւ` առողջ. կը խուսափիմ ապառողջ բառէն, որ իրականութեան մը նկարագիրը ընդգծելէ զատ` հոգեբանութիւն կ՛արտաբերէ…

Հիմա ես կը նմանիմ մէկու մը, որ կը փափաքի ուժէն վեր բեռներ շալկել` քաջ գիտնալով իր ուսերուն վտիտ ըլլալը, նաեւ կը նմանիմ մէկու մը, որ ժոռատ (ատամնաթափ) բերնով կ՛ուզէ քարապինդ պտուղներ կլլել, նոյնիսկ կը պատկերացնէ անոնց հիւթալի ըլլալը: Կ՛անցնիմ:

Սա պահուն անյայտ նպատակ մը մէջտեղ կու գայ… եւ ո՞վ ըսաւ, թէ մինակութիւնը մարդոց է բնորոշ ու… ազգութիւն չի ճանչնար: Ազգեր կան, կ՛ապրին «իրենք իրենց մէջ», բայց մինակութեան զգացում չեն ճաշակած, այլ կ՛ապրին այլ ազգերու «շունչին» հետամուտ, բայց ոչ այլ ազգերու շունչէն սպառած եւ դարեր անընդմէջ կը փնտռեն իրենց ճակատագրի «ուր ըլլալը»…

Հիմա չեմ կրնար մոռնալ, դուք ալ մի մոռնաք, որքան ալ անբարեյոյս-աննրբանկատ ըլլաք, թէ ազգային զգացումներս զիս ո՞ւր կը տանին:

Սա մտախոկումներս կը սկսին: Ներսէս ու դուրսէն զիս կ՛ալեկոծեն: Կը հասկնամ 21-րդ դարու հոգերը: Չեմ ուզեր տապկուիլ  շուքին տակ մարտահրաւէր բառին, որ պնդաճակատ աղիճի մը պէս միշտ կը հետապնդէ զիս, կը հալածէ բոլորս ու փարուիլ-սիրուիլ կ՛ուզէ: Անպատեհ արդարացո՞ւմ մը. ժամանակները խա՞ռն են, խօսքն ալ այլեւս անիմաստ կը թուի:

Մենք խառնած ենք ժամանակները, բազմաբեւեռ տարածութիւններու գերին դարձած ենք. սփիւռք, Հայաստան, մերձաւոր սփիւռք: Աշխարհին մէջ կա՞յ երկիր մը, որ եռաբեւեռ կեանքով ապրի, այսինքն` անհատապաշտ, դարձդարձիկ:

Ինչ կը վերաբերի մերձաւոր կոչուածին. կրնամ,  բառախաղի փափկութեանը չեմ տրուիր, թերեւս… մերձիմա՞հ բառը աւելի կը պատշաճի այն տարածքներուն Ռուսիոյ մէջ պարընդգրկող, ուր հայութիւն կ՛ապրի անվերադարձ ու կը ներկայացնէ երեք արարնոց ողբերգութիւն մը.

Արար Ա. Երբ մէկ-երկուքը կ՛արտագաղթեն,

Արար Բ. Երբ ընտանեօք կ՛արտագաղթեն,

Արար Գ. Երբ մտերիմ-բարեկամներու մէջ «կ՛արտագաղթեցնեն»… «Հայաստանը ապրելու համար անհեռանկար երկիր է»: «Որտեղ հաց` այնտեղ կաց» յանկերգի ողորմելիութիւնը կը հոտի…

Եւ ի՞նչ, որքան ալ խորհինք, որ մշակոյթը, կրօնը նպաստած են մեր ազգային զգացումներու «բարձր» ըլլալուն, այնուամենայնիւ, կորսնցուցած ենք ազգային մեր զգայնութիւններուն հանդէպ ունեցած պատասխանատուութիւնը` սա պէս տարիներէ ի վեր:

Եւ եթէ Հայոց ցեղասպանութեան առաջին մեծ խթանն էր տարագրումի, սփռումի, սփիւռքի գոյացման, ատիկա չի նշանակէր, որ 1915-էն առաջ ազգային տարամտութեամբ չենք տառապած…

Յիշեցում մը. ատենին  Սիմոն Վրացեանը խոստովանած է, որ Ա. հանրապետութեան հռչակումէն ետք թիֆլիսահայութիւնը, պաքուահայութիւնը չեն ախորժած Հայաստան վերադառնալ. պատճառն ալ… կը վերագրուի հիմնաւորապէս Երեւանի գիւղ ըլլալուն: Մինչ այդ հայկական ճարտարապետութիւնը ծաղկեցուցած էր Թիֆլիսը եւ Պաքուն (Փեթերսպուրկը եւ Ռուսիոյ այլ քաղաքներ չմոռնանք), եւ Երեւանի գիւղ ըլլալուն գոնէ հիմա կրնանք նայիլ ու «հմայուիլ» մեր ազգային անհեռատեսութեամբ: Չմոռնանք եղերամայրերու հանգոյն հայրենասիրութիւն պոռալը բոլոր հնչերանգներով` ընտանեկան եւ այլազան խնճոյքներու ատեն… նեխանք արտացոլացնող: Եւ կարելի չէ չսիրել, յարգանօք չվերաբերիլ այն պարզ մարդոց, որոնք ճանչնալով հանդերձ, երկրին ներկայիս խարուանքները, անուղղայ ժամանակաշրջանին մէջ կ՛ապրին եւ չեն ենթարկուիր անողնայար փոքրամասնութեան, թէ՞ մեծամասնութեան, փրոփականտին` միակտուր ու վնասակար:

Ինծի կ՛ըսեն, եթէ ըսեն ի հարկէ, անքննութենէ ո՞ւր «կը քալես», եւ իմացականութիւն կը խաղաս աճպարարի մը պէս, որ նախապէս գոց գիտէ, թէ վտանգի մը առաջ յայտնուելու ատեն պէտք է արդարացում մը ունենայ, որ արդարօրէն վերաբերին իրեն մարդիկ` զանց ընելով իր ոչ ակնյայտ զառածումները… Զանց ընելո՞վ, թէ՞ զանցառելով, կը պատասխանեմ: Իցիւ թէ զանցառուիմ ու ինքնագերութենէն ազատուիմ: Ազատուինք:

Ու Չարենցը կը յիշեմ.

«Ու ո՞վ մեզ, էլ ո՞վ մեզ, ո՞վ պիտի տայ, երկիր իմ, թռիչք ու թեւեր»:

Յատուկ «Ազդակ»-ին համար
16 մարտ, Երեւան

Leave a Comment