Փորձ-Մրցումի Մը. Հայաստանի Պատանիներ – Լիբանանի Պատանիներ` 1-2 – Aztag Daily

Հայաստանի պատանիներու (17 տարեկանէն վար) հաւաքականը Երեւանի մէջ կատարած իր ուսումնամարզական հաւաքին ծիրին մէջ բարեկամական փորձ-մրցումի մը ընթացքին մրցեցաւ Լիբանանի պատանիներու հաւաքականին դէմ:

Մրցումը վերջ գտաւ Լիբանանի յաղթանակով` 2-1 արդիւնքով: Հայաստանի հաւաքականի միակ կոլը նշանակեց Ուրարտուի միջնապահ Սամուէլ Բեգլարեան: Լիբանանի կոլերը նշանակեցին Ժաուատ Մըսըլմանի եւ Ռամեզ Մըշաուրապ:

Լիբանանի պատանիներու ազգային խումբը կը պատրաստուի Յորդանանի մէջ տեղի ունենալիք Արեւմտեան Ասիոյ 13-րդ ախոյեանութեան մրցումներուն եւ աւելի ուշ Ասիոյ զտումի մրցումներուն:

Հայաստան իր կարգին կը պատրաստուի Եւրոպայի պատանիներու ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն: Զտումի մրցումները տեղի պիտի ունենան Երեւանի մէջ, բայց Հայաստան ունի լուրջ մրցակիցներ, ինչպէս` Ֆրանսայի, Իտալիոյ եւ Լիւքսամպուրկի պատանիները:

Հայաստան մրցում մը եւս պիտի ունենայ Լիբանանի դէմ վաղը` Երեւանի մէջ:

Leave a Comment